Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պատուիրակութիւնը Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւնն ու Կառավարութեան Կազմութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

October 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց «Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

Ամերիկեան պատուիրակութեան անդամները յոյս յայտնեցին, որ Լիբանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմէ նոր կառավարութիւն մը:

«Էմերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան արագացումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նկատեց ելեկտրական հոսանքի եւ քաղաքացիներու կենցաղային տարրական այլ կարիքներու ապահովումը:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանցիները մեծ յոյսեր ունին, որ Լիբանանը դառնայ նաւթային երկիր:

Ան հաստատեց, որ ծովային սահմանագծումի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք «Թոթալ» ֆրանսական ընկերութիւնը աշխատանքի պիտի սկսի Կանայի նաւթահորը հորատելու իմաստով:

Պու Հապիպ նշեց, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան ստորագրուելէն ետք զայն պիտի հրատարակեն:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ հետ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով բարդութիւններ չկան` աւելցնելով, որ այլ ժամադրութիւն մը պիտի ճշդուի սուրիական իշխանութիւններուն հետ` սահմանագծումի շուրջ խորհրդակցութիւններուն սկսելու նպատակով:

Պու Հապիպ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտէն ետք Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Նախորդը

Ժըպրան Պասիլ. «Կառավարութիւնը Ազգային Ուխտին Չի Համապատասխաներ` Եւ Անոր Դէմ Մեր Ամբողջ Ուժով Պիտի Պայքարինք»

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Կամովին Տունդարձի Առաջին Փուլը Սկսաւ

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.