Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Քոլերայի Համաճարակին Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց քոլերայի համաճարակին յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ քննարկուած են քոլերան կանխարգիլելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլորին կողմէ ի գործ դրուելիք ջանքերը` Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակին դէմ պայքարելու համար: Ապիատ յայտնեց, որ այս իմաստով տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` պետական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան կատարուելիք 2021-ի նիւթական պարտաւորութիւնները:...




















