Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էմ.Թի.Վի.» Կայանի Քաղաքական Հաղորդումներէն Մէկը Կը Վերածուի Քաոսի Եւ Բախումներու

November 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած «Սարէլ ուաքթ» քաղաքական հաղորդումին ընթացքին լարուածութիւնը եւ հնչող սուր կեցուածքներու իրականութիւնը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Շարպել Մարունի եւ բարեկարգչական երեսփոխան Ուատտահ Սատեքի միջեւ, պատճառ դարձան, որ սթիւտիոյին մէջ գտնուող ուսանողներուն միջեւ նախ բանավէճ արձանագրուի, ապա անիկա վերածուի բախումի:

Բախումը կասեցնելու նպատակով «Էմ. Թի. Վի.»-ի պահակները մասնակից ուսանողներն ու երիտասարդները դուրս բերին սթիւտիոյէն, եւ բախումները, ինչպէս նաեւ «Էմ. Թի. Վի.»-ի կառոյցին դէմ գործուած խափանարարական արարքները, շարունակուեցան դուրսը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 1:00:

«Էմ. Թի. Վի.»-ի շրջափակին մէջ բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան նաեւ կրակոցներ, եւ հետեւաբար` վիրաւորներ:

Լիբանանեան բանակը փութաց Նաքքաշ եւ ժամեր ետք յաջողեցաւ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը:

Երէկ առաւօտեան Խմբագիրներու սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Էմ. Թի. Վի.»-ի սթիւտիոներուն մէջ կատարուածը, ինչպէս նաեւ կայանին դէմ գործուած խափանարարական արարքները խստիւ դատապարտելի են:

Սենտիքային հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ դատապարտելի են նաեւ այդ արարքներուն տուն տուող պատճառները` հաստատելով, որ պէտք է յարգել կայանը:

Սենտիքան զօրակցութիւն յայտնեց «Էմ. Թի. Վի.»-ի լրագրողներուն եւ դատական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց այս վտանգաւոր կացութեան վրայ ձեռք դնելու, ինչպէս նաեւ արագ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարելու` բացայայտելու համար անոր դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ ձերբակալելու այդ դէպքը պատճառողներն ու անոր մասնակիցները:

Խմբագիրներու սենտիքան յանձնառու է լրագրողներուն անվտանգութեան եւ կը մերժէ զանոնք թիրախ դարձնելու ամէն արարք, ինչպէս նաեւ կը զգուշացնէ ատելութեան հռետորաբանութենէն, ի՛նչ աղբիւրէ որ ալ ըլլայ անիկա:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Քոլերայի Համաճարակին Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.