ՀՌՈՄԻ պապը Պահրէյն կատարած իր քառօրեայ այցելութեան աւարտին, երէկ կիրակնօրեայ իր աղօթքի ընթացքին լիբանանցիներուն ուղղելով իր խօսքը վերահաստատեց, որ ինք «կը զօրակցի ու կ՛աղօթէ յոգնած եւ ուժասպառ Լիբանանին համար»: Ան այս առիթով համբուրեց Լիբանանի դրօշը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Եգիպտոս` մասնակցելու համար կենսոլորտի գերաստիճանին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` երկրի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ շրջեցաւ Արսալի կարգ մը շրջանները` մօտէն հետեւելու քոլերա ժահրին դէմ պատուաստումի քայլերուն: Ան յայտնեց, որ մօտերս 600 հազար պատուաստ պիտի հասնի Լիբանան նոյն ծիրին մէջ: Ապիատ այսօր պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները Պեքաայի եւ Պաալպեքի շրջաններուն մէջ:
ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ չգոյութեան պատճառով երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ նախատեսուած իրաւաբանական սենտիքայական ընտրութիւնները յետաձգուեցան 20 նոյեմբերին: Այդ նիստին ժողովականները պիտի ընտրեն սենտիքայի չորս նոր անդամներ:
ՇԱԲԱԹԱՍԿԻԶԲԻՆ նախատեսուող անձրեւի տարափին ընդառաջ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շաբաթավերջին նախարարութեան պատկան մարմիններուն յանձնարարեց նախազգուշական քայլերու դիմել եւ կազմ ու պատրաստ ըլլալ: Այս ծիրին մէջ նախարար Համիէ երէկ այցելեց լիբանանեան ծովափի կարգ մը շրջանները (Ղատիր, Ճիւնի, Տըպպայէ, Անթիլիաս, Զալքա, Սեն Սիմոն…) ու մօտէն հետեւեցաւ կոյուղիներու մաքրութեան աշխատանքներուն:


