Լիբանանի խորհրդարանը երէկ` հինգշաբթի 10 նոյեմբերին հինգերորդ անգամ ըլլալով համախմբուեցաւ, առանց սակայն ընտրել կարենալու նոր նախագահ մը: Արդարեւ, խորհրդարանի 128 անդամներէն 108-ի ներկայութեամբ գումարուած ժողովի առաջին նիստին ներկայացուած գլխաւոր թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատ ստացաւ 44 քուէ, ինչ որ անբաւարար էր զինք նախագահի թափուր աթոռին բազմեցնելու:
Խորքին մէջ շատերու համար այս ելքը անակնկալ չէր, եւ գրեթէ տիրական է այն տպաւորութիւնը, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան «այս խմորը շատ ջուր կը վերցնէ»: Արդարեւ, օրը-օրին կը շեշտուին «հակադիր» կողմերու կեցուածքները` «զօրաւոր եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը ամրագրելու կարող նախագահի մը» ընտրութեան գծով: Մինչ այլ կողմեր կը պնդեն չափաւորական կեցուածքներով նախագահի մը ընտրութիւնը: Այլ խօսքով` առնչակից կողմերը կը հետեւին շրջանային ու միջազգային զարգացող իրադարձութիւններուն, ուրկէ կրնայ ծագիլ սպասուած «սպիտակ ծուխը»:
Այս մթնոլորտին մէջ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր կարելիի սահմաններուն մէջ ընդառաջելու քաղաքացիներու ընկերային ու տնտեսական ապրուստի կարիքներուն:
Այս ծիրին մէջ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ ստանձնեց քոլերայի ժահրին դէմ պաշտպանուելու 600 հազար պատուաստի նուէրը ՄԱԿ-ի առողջապահական կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ: Նշենք, որ այս շաբաթ օր պիտի սկսին քոլերայի դէմ պատուաստի ծառայութիւնները Լիբանանի մէջ:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ շարունակեց իր ճիգերը` լուծելու լիբանանեան հրատապ ու առկախ հարցերը: Այս ծիրին մէջ ան երէկ գլխաւորեց արաբական եւ եւրոպական դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդներու նախագահներու աշխատանիստին եւ այս առիթով անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան, առկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:
Նմանապէս, Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան Յորդանանի մէջ իր տեսակցութիւններէն եւ խորհրդակցութիւններէն ետք Լիբանանի մէջ եւս շարունակեց իր քայլերը` յաւելեալ զարկ տալու եւ խթանելու լիբանանեան ճարտարարուեստը` զայն հասցնելու շրջանայինի կողքին նաեւ միջազգային շուկաներ: Պուչիքեան դրուատեց լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզը` իբրեւ Լիբանանի ծաղկեցման գլխաւոր ազդակ:
Այս առիթով ուշագրաւ է ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի այն յայտարարութիւնը , թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ պատմական համաձայնագիր կնքեցին, եւ ատիկա թէեւ պիտի չլուծէ իրենց միջեւ պատերազմը, սակայն համաձայնագիրի ստորագրութենէն եւ վաւերացումէն ետք օտար ընկերութիւններ պիտի փութան Լիբանան շահարկումի համար, ինչ որ ծաղկումի դուռ պիտի բանայ:
Միւս կողմէ, ամերիկացի դիւանագէտ Սամանթա Փաուըր երէկ շարունակելով երկրի տարբեր կողմերուն հետ իր տեսակցութիւնները անջատ այցելութիւններ տուաւ վարչապետարան եւ Այն Թինէ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի: Այս առիթով Փաուըր յայտնեց, որ յիսուն միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ համալսարանական կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակներուն համար: Նմանապէս` 15 միլիոն տոլար` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին, Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանին եւ երրորդ համալսարանի մը փայլուն ուսանողներուն:
Իսկ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա երէկ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին առնչութեամբ ցարդ արգելափակեալ կասկածելիներու ընտանեկան պարագաներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ եկած էր իր զաւակներուն անմեղ ըլլալու եւ ազատ արձակուելու պահանջը ներկայացնելու:


