Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Խէյր երէկ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի թելադրանքով մօտէն հետեւեցաւ Թուրքիոյ մէջ լիբանանցիներու առկախ իրավիճակի նորագոյն զարգացումներուն եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարեց Անգարայի մէջ Լիբանանի դեսպանին ու պատկան այլ պատասխանատուներու:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Մինա-Պէյրութ մայրուղիին վրայ երէկ քաղաքացիի մը դիակը կախուած գտնուեցաւ ելեկտրական հոսանք փոխադրող ձողի մը վրայ: Ապահովական պատկան տարրեր փութացին դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացին անոր մանրամասնութիւններուն  շուրջ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Մալլուլէ շրջանին մէջ քաղաքացի մը զոհ գնաց երբ խախուտ պատ մը փուլ գալով անոր վրայ ինկաւ: Օժանդակութեան տարրեր փութացին, սակայն կարելի չեղաւ փրկել անոր կեանքը: Պատկան մարմիններ հետաքննութիւն բացին դէպքին շուրջ: Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի մէջ պատշգամ մը փուլ եկաւ փոթորիկին հետեւանքով` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:

ԴԱՏԱԽԱԶ Ղատա Աուն երէկ ազատ արձակել տուաւ փաստաբան Ռամի Օլլէյքն ու դրամատան մը մէջ գումար պահ դրած Իպրահիմ Պայտունը, որ իր հաշմանդամ վիճակին մէջ փորձած էր իր գումարը պահանջել: Ապահովական ուժեր անմիջապէս ձերբակալած էին զինք: Այս առիթով վեց օրերէ ի վեր հացադուլի դիմած փաստաբան Օլլէյք խիստ յուզուած եւ ուժասպառ վիճակով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինք պնդած է Պայտունի կողքին մնալ ու շարունակել իր պաշտպանողական ճիգերը, հակառակ իրեն առաջարկուած ազատ արձակման եւ «դուրսէն դատապարտեալները» պաշտպանելու ընտրանքին:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ տոլարին սակագինը երէկ դարձեալ «սաւառնեցաւ» հասնելով 40 հազար լիբանանեան ոսկիի սեմին` շփոթի մատնելով քաղաքացիներն ու վաճառականները:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասողական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Լիբանանի Սահմանադրական Ժամկէտներու Գործադրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.