Սահմանադրական խորհուրդը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ խորհուրդի նախագահ դատախազ Թաննուս Մըշլեպի:
Ներկայ էին խորհուրդի անդամներ Աունի Ռամատան, Աքրամ Պաասիրի, Ալպերթ Սարհան, Ռիատ Ապու Ղիտա, Օմար Համզէ, Միշել Թարզի, Ֆաուզաթ Ֆարհաթ, Էլիաս Մարշաքանի եւ Միրէյ Նաժըմ:
Նիստի աւարտին Սահմանադրական խորհուրդը միաձայնութեամբ մերժեց երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող 5 վիճարկումներ, որոնք ներկայացուած էին Ֆայսալ Սայեղի, Ուատտահ Սատեքի, Ֆարիտ Հայքալ Խազենի, Սինթիա Զարազիրի եւ Սայիտ Ասմարի դէմ:
Ֆայսալ Սայեղի եւ Ուատտահ Սատեքի դէմ վիճարկումը ներկայացուած էր Զէյնա Մունզերի կողմէ (Պէյրութ 2), Սինթիա Զարազիրի դէմ վիճարկումը ներկայացուած էր Էլի Շարպաշիի կողմէ (Պէյրութ 1), Ֆարիտ Հայքալ Խազենի դէմ` Ժոզեֆին Զղէյպի կողմէ (Քեսրուան) եւ Սայիտ Ասմարի դէմ` Ամալ Ապու Զէյտի կողմէ (Ժեզզին):
Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն կարելի ըլլայ որոշում տալ նաեւ մնացեալ 6 վիճարկումներուն մասին:


