Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրիի Սպանութեան 18-րդ Տարելիցին Առիթով` «Աստուած Փրկէ Լիբանանը» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

February 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 18-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2023-ին մեծ թիւով լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

Հարիրիի յիշատակին առիթով մեծ թիւով քաղաքացիներ աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ:

Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներ ու համակիրներ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հօրաքրոջ` նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ հօրեղբօր` Շաֆիք Հարիրիի հետ, ժամը 12:50-ին հասաւ Կեդրոնական Պէյրութ:

Ան ողջունեց բազմամարդ հաւաքը, որ ջերմօրէն ողջունեց զինք եւ զօրակցութեան կարգախօսներով դիմաւորեց զայն: Ապա աղօթեց իր հօր դամբարանին վրայ եւ վերադարձաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը:

Մոհամետ Ամին մզկիթէն հեռանալու պահուն Հարիրի լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Աստուած Ռաֆիք Հարիրիի հոգին լուսաւորէ եւ Լիբանանը փրկէ»:

Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակը յարգելու նպատակով Պէյրութի մէջ գտնուող բազմութեան մեծ մասը ուղղուեցաւ Հարիրիի բնակարանը, որուն շրջափակին մէջ հաւաքուելով իր նուիրումն ու հաւատարմութիւնը յայտնեց Սաատ Հարիրիին:

Հարիրի ողջունեց զանոնք եւ շեշտեց, որ անոնք Լիբանանի գոյութեան երաշխիքն են: Ան հաստատեց, որ Հարիրիի բնակարանը անոնց դիմաց բաց պիտի մնայ: «Դո՛ւք էք այն բարի մարդիկը, որ ողբացիք Ռաֆիք Հարիրին: Այս տունը պիտի շարունակէ իր երթը: Աստուած ամենայն բարիք տայ ձեզի եւ կը խնդրեմ, որ հօրս հոգւոյն համար աղօթենք», ըսաւ Հարիրի:

Սաատ Հարիրի երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ հաւաքուած բազմութեան պատկերը իրեն համար սիրտ լեցնող էր եւ աշխարհը կ՛արժէր:

Հարիրի վերահաստատեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ հաւաքուած այսօրուան բազմութիւնը Լիբանանի գոյութեան երաշխիքն է եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշը` աւելցնելով, որ ինք զանոնք պիտի չլքէ, այլ` անոնց կողքին պիտի ըլլայ:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ Լիբանան այս իրավիճակին հասած է սխալ ղեկավարման պատճառով: «Լիբանան շատ հարուստ է, սակայն մարդիկ զայն կը շահագործեն իրենց անձնական շահերուն համար», ըսաւ ան:

Նշենք, որ օր մը առաջ Հարիրի այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի` հարցնելու համար անոր որպիսութիւնը:

Միւս կողմէ, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 18-ամեակին առիթով: Զօր. Աուն մաղթեց, որ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան, որովհետեւ հայրենիքը այսօր կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն եւ անոնց ներուժին:

ՀԱՐԻՐԻ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Աունի

Յաջորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.