Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղովմի Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ` Սուրիոյ Զօրակցական Հաւաք

Փետրուար 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղովմի կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, «Պրիսթոլ» պանդոկի «Նահատակ Խալետ Օլուան»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ զօրակցական հաւաք մը` «Շրջափակումի խզում» խորագիրով, որուն ներկայ գտնուեցան Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Հասան Մըրատ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործավար Ալի Տողման, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի ներկայացուցիչ սէյիտ Քարամ Մուշթաքի, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալի Տահեր, Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ եւ ներկաներու մեծաթիւ բազմութիւն մը:

Հաւաքին ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, որոնք կը զօրակցէին Սուրիոյ` մերժելով անոր դէմ բանեցուած շրջափակումն ու Սուրիոյ դէմ որդեգրուած «Սիզըր» պատժամիջոցը:

Հաւաքին մասնակցող բոլոր կողմերը հաստատեցին Սուրիոյ դէմ պարտադրուած շրջափակումը խզելու, ինչպէս նաեւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժը դիմակալելու նպատակով կարելի եղած բոլոր օժանդակութիւնները տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը ուղղեց Պ. Տէր Ղուկասեան, որ անդրադարձաւ Սուրիոյ դիմագրաւած այսօրուան դժուար պայմաններուն, անոր դէմ գործադրուող անիրաւութեան եւ հաստատեց, որ անկարելի է չզօրակցիլ Սուրիոյ:

Ան հարց տուաւ, որ մինչեւ ե՞րբ «Սիզըր» կոչուած այս պատժամիջոցը երկաթեայ շղթաներ պիտի զետեղէ սուրիացի ժողովուրդի պարանոցին եւ Սուրիոյ ժողովուրդը պիտի զրկէ կենցաղային իր ամէնէն տարրական կարիքներէն:

Պ. Տէր Ղուկասեան ակնարկեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ Սուրիոյ դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները եւ կոչ կ՛ուղղէ վերացնելու սուրիացիներուն դիմագրաւած այս հզօր փոթորիկը: «Ժամանակն է, որ Սուրիոյ երկնքին մէջ դիզուած սեւ մութ ամպերը հեռանան, իսկ փոթորիկները մեղմանան եւ կեանքի իրաւունք շնորհեն այդ երկրին», նշեց ան:

Պ. Տէր Ղուկասեան կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ պարտադրուած շրջափակումը խզելու, անոր դէմ որդեգրուած բոլոր պատժամիջոցներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ անոր հանդէպ մարդկային վարուելակերպ ցուցաբերելու:

Պ. Տէր Ղուկասեան կոչ ուղղեց նաեւ որդեգրելու արագ միջոցառումներ` հասնելու համար երկրաշարժէն տուժած քաղաքայիններու փրկութեան եւ օգնութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիա հասցնելու մարդասիրական եւ գումակային պէտք եղած օժանդակութիւնները:

Նախորդը

«Ժամանակ Չկայ Աւելորդ Ժողովներու, Կամ Երկարապատում Խօսակցութիւններու. Վնասը Բոլորին Է, Օժանդակութեան Կարիք Կայ` Հասնինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Պլինքըն. «Չինաստան Կը Քննարկէ Ռուսիոյ Մահաբեր Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Կարելիութիւնը»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?