ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 82.700 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.479.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.514.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.425.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 967.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց լիբանանեան բանակի երեք զինուորներուն նահատակութեան առիթով` հաստատելով, որ Պաալպեք-Հերմել շրջանը կարելի չէ պետութեան հակակշիռէն դուրս պահել: Ռայի պատրիարքը, իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն, յայտնեց, որ անոնք Լիբանանի հարսանիքն ու լիբանանցիները վերածած են հսկայ յուղարկաւորութեան եւ պատճառ դարձած լիբանանցիներուն աղքատութեան ու անոնց արտագաղթին:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն աշխատելու եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ նաւը կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութեան նաւահանգիստ:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Սաատէ Շամի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ հաղորդակցութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ներդրումները երկար տարիներու կարիք ունին, եւ Լիբանան ժամանակ չունի սպասելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները:
Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Իսրայէլ ոչ մէկ կերպով հետաքրքրուած է մարդկային տառապանքով, այլ` կը շարունակէ արդէն ճգնաժամի, շրջափակումի եւ երկրաշարժի արհաւիրքին դէմ գոյատեւել փորձող ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի պարտականութիւն տրուած է կապուելու քաղաքապետարաններուն եւ մղելու զանոնք, որ նախարարութիւնը տեղեակ պահեն իւրաքանչիւրի շրջանին մէջ փուլ տալու ենթակայ կամ խախուտ շինութիւններուն եւ շէնքերուն մասին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան իբրեւ ազգային երկեակ կը շարունակեն երկխօսութեան կոչ ուղղել` փրկելու համար հայրենիքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Եհիա դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը` հաստատելով, որ այդ արարքը կը սպառնայ շրջանի եւ աշխարհի ապահովական կայունութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար երկրին ընկերային, առողջապահական, ելեւմտական եւ ապրուստի հարցերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել ամերիկեան շրջափակումին վերջ տալով:
ՊԵՔԱԱՅԻ ազգային ուժերն ու կուսակցութիւնները կոչ ուղղեցին Սուրիոյ հետ զօրակցութեան ամէնէն ընդարձակ արշաւին դիմելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն քննարկումները` Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման նպատակով:


