Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հրապարակէ Թուրքիոյ Երկրաշարժին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Թիւերը

February 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ երկրաշարժին պատճառով Թուրքիոյ մէջ մահացած լիբանանցիներուն թիւերը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, մահացած են 9 լիբանանցիներ, որոնցմէ վեցը թաղուած են Թուրքիոյ մէջ, իսկ մնացեալ երեքին դիակները փոխադրուած են Լիբանան:

Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ղասսան Մոալլեմ յայտնեց, որ ցարդ երկրաշարժին զոհ գացած 6 լիբանանցիներ թաղուած են Թուրքիոյ մէջ, անոնց հարազատներուն փափաքով:

Ան աւելցուց, որ դեսպանատունը Լիբանան փոխադրած է 3 լիբանանցիներու դիակներ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ 6 այլ լիբանանցիներ տակաւին կը գտնուին փլատակներուն տակ:

«70 լիբանանցիներ կարելի եղած է փրկել, իսկ մնացեալ 40-ը, որոնք լիբանանցիներ, սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ են, տակաւին կը մնան անյայտ կորսուած», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Պէտք է աւելցնել, որ նախանցեալ օր Լիբանանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն խումբ մը` գլխաւորութեամբ Եուսեֆ Մալլահի, կամաւորաբար ուղղուեցաւ Թուրքիա, մասնակցելու համար լիբանանցի քաղաքացիներու որոնողական աշխատանքներուն:

Մալլահ եւ իր խումբը երէկ առաւօտեան կրցան գտնել լիբանանցի քաղաքացի Էլիաս Հատտատի դիակը եւ դուրս բերել փուլ եկած «Էօյճիհան» պանդոկին աւերակներուն տակէն:

Կարելի եղաւ գտնել նաեւ սուրիացի աղջնակ Լին Քատտուրայի դիակը:

Աշխատանքը շարունակուեցաւ գտնելու համար նաեւ երկրորդ լիբանանցի քաղաքացին` Մոհամետ Մոհամետը:

 

 

 

Նախորդը

Միխայէլ Տահեր Մահացաւ

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Աունի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.