ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 82.100 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.493.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.529.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.426.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 981.000 լ. ոսկի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ սխալ թեկնածուն նախագահական ընտրութեան հասցնելը երկրին քանդիչ ու աւերիչ առանցքը շարունակել է, որուն դիմաց լուռ պիտի չմնանք:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը լուռ պիտի չմնայ Լիբանանի դէմ բանեցուած ամերիկեան ճնշումին դիմաց:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Հըզպալլա նախընտրած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ համաձայնութիւնը խզել եւ որոշել, որ Ազգային ազատ հոսանքին հետ դաշինքին կարիք չկայ:
ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կրկնապատկէ իր ջանքերը` լիբանանցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու հոգերուն չափ ու սահման դնելու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ գործուղուած պատուիրակ, մարոնի համայնքի Անթիլիասի առաջնորդ Անթուան Ապու Նաժըմ եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց երկրին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ապու Նաժըմ եպիսկոպոս նկատել տուաւ, որ հանդիպումը դրական է` կոչ ուղղելով բոլորին աղօթելու եւ պահեցողութիւն կատարելու, որ չարիքը հեռանայ Լիբանանէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերող հարցեր, Լիբանանի կացութիւնն ու նախագահական թղթածրարը: