Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով Աշխատաւորական սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութիւնը կազմակերպեց ցոյց մը, որ սկիզբ առաւ Քոլայի շրջանէն եւ ուղղուեցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր միացաւ Համայնավար կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցին, որ ընթացք առած էր Պարպիրէն եւ հասած Ռիատ Սոլհ:
Աշխատաւորական սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութեան նախագահ Քասթրօ Ապտալլա խստիւ քննադատեց կառավարութեան կողմէ Լիբանանը Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրութեան տակ դնելու քայլերը:
Ապտալլա շեշտեց, որ Լիբանանը գողցուած երկիր է եւ ոչ թէ սնանկացած:
Ան կոչ ուղղեց աշխատաւորական բոլոր ուժերուն եւ սենտիքաներուն, ինչպէս նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ վարչութիւններուն միասնական կեցուածք որդեգրելու` պայքարելու համար կառավարութեան դէմ, հասնելով մինչեւ ամբողջական քաղաքացիական անհնազանդութիւն:
Իր կարգին, Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ աշխարհիկ պետութեան մը ծրագիրը ի վիճակի է Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած տագնապներէն:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ միայն լիբանանցի աշխատաւորներն են, որոնք կը ստեղծեն իրենց տօնը, սակայն չեն տօնակատարեր կամ արձակուրդ առներ: «Բի՛ւր ողջոյն անոնց, իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ աշխատանքի մարզին մէջ», ըսաւ ան:
Պըրրի շեշտեց, որ աշխատաւորներուն լաւագոյն շնորհաւորութիւնը պիտի ըլլայ այն խոստումը, որ անոնց ամբողջ կեանքին ընթացքին վաստկած իրաւունքները պաշտպանուին եւ անոնց իրաւունքները վերադարձուին, որպէսզի անոնք կարենան արժանապատիւ կեանքով մը ապրիլ, եւ ի խնդիր Լիբանանի աշխատիլ` աշխուժացնելով երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց լիբանանցի աշխատաւորները` հաստատելով, որ ինք կը յարգէ եւ կ՛արժեւորէ բոլոր աշխատաւորներուն տօնը, ինչպէս նաեւ կ՛արժեւորէ արժանապատիւ կեանքի մը համար մղուած պայքարը:
«Մենք գիտենք այն դժուար պայմաններուն մասին, որոնք կը դիմագրաւէք եւ որոնց համար զոհողութիւններ կը մատուցէք` պահպանելու համար լիբանանեան պետութեան գոյացութիւնը, հաստատութիւններն ու վարչութիւնները: Վերջերս կառավարութեան որդեգրած նոր որոշումները` յաւելումի իմաստով, նուազագոյնն են, որոնք կրնան տրամադրուիլ, իսկ դուք արժանի էք աւելիին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներկայիս այսքան է երկրին պետութեան կարողութիւնները:
«Ձեզի հետ գործակցելու եւ փոխադարձ համախոհութիւն իրականացնելու շրջագիծին մէջ կրնանք յանգիլ աստիճանական լուծումներու, որոնք աւելի արդար են եւ ձեզի վայել կեանք կ՛ապահովեն` տրամադրելով ձեզի արժանի ամէն բան», ըսաւ ան:
Միքաթի շնորհաւորեց աշխատաւորները` շեշտելով, որ պետութեան եւ սեփական մարզին միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ աւելի եւս պիտի ամրապնդուի:
Նշենք, որ Միքաթի ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ պիտի սերտէ պետական մարզին տրամադրուած յաւելումները, պետական վարչութիւններուն մէջ պիտի վերակազմակերպէ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ պիտի առաջարկէ այնպիսի միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ պետական մարզի պաշօնեաներուն աշխատավարձը բարելաւել:
Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով տօնակատարութեան մը ընթացքին շնորհաւորեց լիբանանցի բոլոր աշխատաւորները:
Ան յայտնեց, որ իրենց ընտրանքը պետութիւնն է` աւելցնելով, որ Լիբանանը կարելի չէ կառավարել համայնքի մը կամ կուսակցութեան մը կողմէ, «որովհետեւ Լիբանան մեր բոլորին կարիքը ունի` հեռու քինախնդրութիւններէ», շեշտեց Պայրամ:
Պայրամ նկատել տուաւ, որ իր նախարարութեան դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը փափաքին միջամտել եւ օժանդակութիւն խնդրել` աւելցնելով, որ պատասխանատուութիւնը բոլորին յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ:
«Երկիրը կը դիմագրաւէ իր վատագոյն իրավիճակը, հետեւաբար պէտք է հեռու մնալ քինախնդրութենէ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահ մը, ինչպէս նաեւ օգտուիլ շրջանին մէջ տիրող դրական զարգացումներուն կարեւորագոյնէն` սէուտական-իրանեան մերձեցումէն», յայտնեց ան: