Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութիւնը` Մօտալո՞ւտ

May 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման շրջագիծին մէջ հանդիպումներ կայացնող հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն մաս կազմող արաբ դիւանագէտ մը հաստատած է, որ Լիբանանը նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս բերելու պայմաններուն լրացումը մօտալուտ է:

Դիւանագէտին համաձայն, նախագահական ընտրութիւնը պիտի անջատուի Լիբանանի դիմագրաւած ներքին բոլոր տագնապներէն, իսկ անոր կայացումը պիտի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին լուծման սկիզբը:

Նոյն դիւանագէտը բացայայտեց, որ վերջին ժամանակաշրջանին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները արձանագրած են զարգացումներ, իսկ Լիբանանի մէջ ներկայիս արձանագրուող քաղաքական բախումները չեն դրսեւորեր նախագահական ընտրութեան իրագործման նպատակով թափուող արտաքին ջանքերը:

Արաբ դիւանագէտին համաձայն, հնգակողմանի համախոհութիւն կայ նախագահական թափուր աթոռի վիճակին վերջ տալու իմաստով. ան աւելցուց, որ համախոհութիւնը երեք կէտերու շուրջ է, որպէսզի ամբողջական լուծում ապահովուի Լիբանանին: Անիկա պիտի ընդգրկէ նախագահական ընտրութիւնը, վարչապետի նշանակումն ու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի նախագահական ընտրութենէն ետք երկիրը կառավարութեան կազմութեան տագնապի մը դիմաց չգտնուի:

Արաբ դիւանագէտը շեշտեց, որ այս երեք հարցերուն շուրջ գոյացած համախոհութիւնը դրսեւորուելու եւ գործնական դառնալու իմաստով արդէն իսկ բաւական յառաջացում արձանագրուած է:

Նշենք նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած էին այնպիսի լուրեր, թէ քաթարցի պատուիրակ մը պիտի այցելէ Լիբանան` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան տագնապին վերաբերող հարցեր, սակայն աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, թէ քաթարցի պատուիրակին այցելութիւնը կրնայ յետաձգուիլ:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ երէկ կէսօրէ ետք Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Ռիատէն հասաւ Պէյրութ:

 

Նախորդը

Իշխանութեան Պետերը Կը Շնորհաւորեն Լիբանանցի Աշխատաւորները

Յաջորդը

Աշխատաւորներու Միջազգային Օրուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.