Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 95.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 59.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 60.000 լ. ոսկիով, մազութը` 46.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 39.000 լ. ոսկիով:

Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.743.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.784.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.506.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.003.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանին` Սուտանի մէջ գտնուող լիբանանցիները այդ երկրէն դուրս հանելու աշխատանքին մէջ օժանդակելու առումով: Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը` Եմէնի մէջ զինադուլը անխախտ պահելու եւ գերիներու փոխանակման հոլովոյթը դիւրացնելու իմաստով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ իրենք աւելի մօտեցած են Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն անկազմակերպ գոյութեան վտանգը հասկնալու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը չի բերեր սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող արաբական ժողովներուն, որոնցմէ վերջինը տեղի պիտի ունենայ Յորդանանի մէջ: «Պէյրութի մէջ այս հարցին շուրջ լուրջ զարգացումներ եւ մնայուն քննարկումներ կան: Արդեօք նման ժողովներէ Լիբանանի բացակայութիւնը տեղահանուածներու տունդարձին հարցը լուծելու փաստ մը կը նկատուի՞», հարց տուաւ Ապու Ֆաուր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ լիբանանեան իրականութիւնը կարիք ունի կեցուածքներն ու տեսակէտները միասնականացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին փրկութիւնը ապահովել: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ օրինական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն` արգիլելու համար սուրիացի տեղահանուածներու համարկումը Լիբանանի մէջ: Ան մաղթեց, որ արաբական երկիրները Սուրիան Արաբական լիկա վերադարձնելու նախապայման կը նկատեն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ ինք լաւատես է, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Տահեր հաւանական նկատեց, որ մինչեւ յունիս, թերեւս ալ աւելի կանուխ, Լիբանանը ունենայ հանրապետութեան իր նոր նախագահը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը պայթեցնելու վատ միտում գոյութիւն ունի: Ան աւելցուց, որ քաղաքական որոշ ուժեր, որքան ալ արտաքին կողմերու հետ համաձայնութիւններ գոյացնեն, ապա պէտք է վստահ ըլլան, որ իրենց նախագահական թեկնածուն պիտի չընտրուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշի հետ: Քննարկուեցան Թրիփոլիի յատուկ եւ լիբանանեան ազգային շարք մը հարցեր: Այս շրջագիծին մէջ Ռիֆի հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն փտածներուն, ինչպէս նաեւ խաղաղ կերպով դաւադրութեան մասնակիցներուն դէմ պայքարելու իմաստով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական նեխածութիւնը հասած է անհեթեթութեան աստիճանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հերմելի եւ Եամմունէի մէջ կատարած է ներխուժումներ եւ ձերբակալութիւններ այնպիսի աւազակախումբի մը անդամներու, որոնք կը զբաղին ինքնաշարժներու եւ մոթորսիքլեթներու գողութեամբ ու զանոնք Սուրիա փոխադրելով, ինչպէս նաեւ զէնքի ու զինամթերքի մաքսանենգումով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի բարձունքներուն վերեւ:

Կեղծ յարձակումներուն զուգահեռ, իսրայէլեան «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւը թռիչքներ գործեց, իսկ Քֆարշուպայի բացերուն գտնուող Ռուէյսեթ Ալամի կողմերը «Մերքաւա» տիպի իսրայէլեան հրասայլերու շարժումներ նշմարուեցան:

 

 

 

Նախորդը

Ամմանի Մէջ Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու «Լաւ Եւ Դրական» Սեղմ Ժողովը Կոչ Ուղղեց` Օտար Ապօրինի Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Հիմնական Կարիքը Երկխօսութիւնն Է» Շեշտեց Պու Սաապ

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?