Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար հիմնական կարիքը երկխօսութիւնն է` աւելցնելով, որ այս թղթածրարին լուծման առումով Ռայի պատրիարքը հսկայական ջանքեր ի գործ դրած է:
Պու Սաապ նշեց, որ Ռայի պատրիարքը յուսախաբ դարձած է ներկայիս տիրող կացութենէն:
Պու Սաապ նշեց, որ իր կատարած հանդիպումներու այս շարքը կուսակցական նախաձեռնութիւն չէ, այլ` խորհրդարանի փոխնախագահի հանգամանքով է:
Նշենք, որ Պքերքէի աղբիւրներ հաստատեցին, որ քրիստոնեայ քաղաքական կուսակցութիւնները առանձինն պատասխանատու չեն նախագահական աթոռի թափուր դրութեան, այլ` քաղաքական բոլոր ուժերը:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Ռայի պատրիարքին կարծիքով` քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ուղղուին երկխօսութեան մը, որ պէտք է կատարուի խորհրդարանին մէջ:
Պքերքէ հաստատեց նաեւ, որ ինք ոչ մէկ թեկնածուի անուն վեթոյի ենթարկած է, այսինքն` ո՛չ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ ո՛չ ալ այլ թեկնածուի մը անուան հանդէպ վերապահութիւն ունի:
Շիա Այցելեց Պու Սաապի Եւ Պըրրիի
Միւս կողմէ, Պու Սաապ նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող խնդիրներուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Շիա երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, որոնցմէ գլխաւորը` հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, «ԱՖՓ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը լիբանանեան խորհրդարանին կոչ ուղղած է կազմակերպելու նախագահական ընտրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական ուժերն ու ղեկավարութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն երկրին հանրապետութեան նախագահը ընտրելու` շրջանցելով իրենց անձնական շահերն ու ձգտումները եւ առաջնահերթ նկատելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերուն իրագործումը:
Միլըր նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը նկատեն, որ Լիբանան կարիքը ունի փտածութենէն հեռու նախագահի մը, որ կարողութիւն ունի երկիրը միասնականացնելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական հիմնական բարեկարգումներ իրագործելու, յատկապէս Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
«Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն ու տագնապներուն գտնուելիք լուծումները ներքին լիբանանեան ճիգերով պիտի իրագործուին եւ ոչ թէ միջազգային հանրութեան կողմէ», շեշտեց Միլըր: