Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Մըն Է, Իսկ Թեհրան Կը Զօրակցի Լիբանանեան Համախոհութեան» Շեշտեց Ապտոլլահեան

May 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, անցեալ շաբաթավերջին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Իրան պիտի ողջունէ յարգուած ոեւէ լիբանանցի անձնաւորութիւն, որ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին կը հասնի` հաստատելով, որ նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան հարց մըն է, իսկ Թեհրան կը զօրակցի լիբանանեան համախոհութեան:

Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ նաւթի, բնական կազի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի ծառայէ զոյգ երկիրներու շահերուն:

Ան դիտել տուաւ, որ ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ ելեկտրական հոսանք արտադրող գործարաններ կառուցելու առումով Իրան յառաջդիմած զարգացած միջոցներ ունի, եւ կրնայ օգտակար հանդիսանալ Լիբանանին, «սակայն երկկողմանի այս գործակցութիւնը արգելակող հիմնական հարցը ամերիկեան ճնշումներն են, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկաներուն վախերը` պատժամիջոցներէն», յայտնեց ան:

Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Իրան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ տնտեսական պայմանները բարդ են` շրջանային մակարդակի վրայ:

Ապտոլլահեան դիտել տուաւ, որ իրանեան-սէուտական յարաբերութիւններու մերձեցումը իր արդիւնքները եւ դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանին վրայ, ներառեալ Լիբանանը: Ապտոլլահեան նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նշած է, որ Դիմադրութիւնը կը մնայ հզօր եւ իր լաւագոյն վիճակին մէջ` աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են, խոր եւ ռազմավարական:

Ան նշեց, որ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուին, որպէսզի Իրանի նախագահ  Իպրահիմ Ռայիսի մօտիկ ապագային Սուրիա պաշտօնական այցելութիւն մը կատարէ:

Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Թեհրան-Ռիատ յարաբերութիւններու մերձեցումին լոյսին տակ բարելաւուեցան նաեւ սուրիական-սէուտական յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Միշել Աուն Եւ Ժըպրան Պասիլ Այցելեցին Ժեզզին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.