ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 95.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ շեշտեց, որ կալուածոց ընդհանուր տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կուտակուած բոլոր գործառնութիւնները ամբողջացնելու մէկ ամսուան ընթացքին, ապա բնականոն կերպով պիտի սկսի ընդունիլ քաղաքացիները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է վերադարձնել այն փուլին, երբ ան արհեստագիտութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ ներդրումի գրաւիչ կեդրոն էր բոլոր պետութիւններուն համար:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելը օրէնսդրական հերետիկոսութիւն մըն է, որ պիտի ձախողի Սահմանադրական խորհուրդի տրամաբանութեան դիմաց:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ քննարկումներ կը կատարէ: Ան նշեց, որ հայրենիքին ռազմավարական շահերը Լիբանանեան ուժերուն հետ գործակցութիւն կ՛ենթադրեն` աւելցնելով, որ անոնց հետ լուրջ քննարկումներ կը կատարուին: Ապի Ռամիա նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով որեւէ համաձայնութեան գոյացման մասին լուրերը անճիշդ են:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Հասան Պաղտատի յայտնեց, որ հզօր եւ կայուն Լիբանանը կը ծառայէ շրջանային կայունութեան եւ վերջ մը կը դնէ իսրայէլեան ախորժակներուն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի յունիսին: Ան ոմանց խորհուրդ տուաւ աստիճանէն վար իջնելու` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահութեան բնականոն թեկնածու է, եւ անոր ընտրութիւնը նախապէս երկու անգամ արգելակուած է իր իսկ դաշնակիցներուն կողմէ: