Ստորեւ կու տանք Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ խումբ մը երեսփոխաններու հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը.
Բարի եկած էք եւ շնորհակալութիւն այս հրաւէրին:
Առաջին անգամը չէ, որ կ՛ընդառաջենք նման հրաւէրի, միշտ մեկնելով այն իրողութենէն, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ առհասարակ Լիբանանի հայութեան համար, երկխօսութիւնը միակ ելքն է Լիբանանի մէջ տագնապները լուծելու:
Յատկապէս ներկայ փուլին մենք տեւաբար կը յայտարարենք, կը փորձենք համոզել եւ կը գործենք, որ Լիբանանի քաղաքական կողմերը հեռու մնան բոցավառող կեցուածքներէ, կարծր եւ գրգռիչ արտայայտութիւններէ, որոնք լիբանանցի քաղաքացիի դժնդակ պայմաններուն մէջ աւելի կը խորացնեն տագնապը եւ խրամատը:
Երկխօսութեան կարեւորութեան մեկնակէտով, գոհունակութեամբ կը դիմաւորենք այն մերձեցումը, որ կատարուեցաւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, որուն զուգահեռ կը կատարուի Սուրիոյ հետ արաբական պետութիւններու յարաբերութիւններու վերականգնումը եւ Սուրիան արաբական գիրկը վերադարձնելու կամ արաբներուն Սուրիա վերադառնալու ճիգը:
Նոյն ենթահողէն մեկնելով, կը գնահատենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դերակատարութիւնը Սուրիա-Թուրքիա խօսակցութիւններու կայացման մէջ, այն նախապայմանով, որ Թուրքիան նախքան քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու վերականգնումը պարտի իր ուժերը դուրս բերել սուրիական հողամասէն:
Այս բոլոր նախադրեալներով կը դիտենք շրջանի պատկերը, որ յոյս կը ներշնչէ Լիբանանին դուրս գալու ներկայի տագնապէն, պայմանով սակայն, որ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, կարենանք օգտուիլ այս դրական մթնոլորտէն:
Յոյս ունինք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պահէ Լիբանանի նկատմամբ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու մէջ օժանդակի իր դիրքը եւ ճիգ չխնայէ դիւրացնելու նախագահական ընտրութիւնները: