Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 9.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6.000 լ. ոսկիով:

Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.733.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.773.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.497.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 997.000 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոն Վիրվեքի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիական թղթածրարին առումով արձանագրուած զարգացումներն ու իրանեան-սէուտական մերձեցումը: Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնն ու լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Պու Հապիպ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու առումով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խեսուս Սանթոս էկուատոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցող տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը Լիբանանի պետական գանձարկղին համար աւելի քան 350 միլիոն տոլարի շահ ապահոված է: Ան աւելցուց, որ այս իրականութեան լոյսին տակ ինք պահանջած է այս գումարը ներկայացնել կառավարութեան նիստին եւ զայն տրամադրել` որդեգրելու համար պաշտօնեաներուն ամսական նուազագոյն աշխատավարձը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Հալապի ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կառչած կը մնայ պրէօվէի եւ պաքալորէայի պետական քննութիւնները կայացնելու իր որոշումին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմ ընդունեց նաեւ ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, ինչպէս նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուրը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մակոշի Մասայուքին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ տասը տարի ետք պիտի վերադառնան իրենց իրաւատէրերուն:

Նախորդը

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձը Շատ Հաւանական Կարելիութիւն Է» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

Յաջորդը

Ժահժահ Շիայի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.