Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդը որոշեց Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունը պաշտօնազրկել` հիմնուելով անոր դէմ դատական իշխանութեան քննչական մարմինին ներկայացուած շարք մը բողոքներու վրայ:
Այս որոշումը ենթակայ է վերաքննութեան` Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդին մօտ:
Ղատա Աուն ունի 15 օրուան պայմանաժամ` վերաքննութեան դիմում ներկայացնելու, իսկ իր պաշտօնազրկումի որոշումը անմիջապէս չի գործադրուիր:
Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի հրապարակեց դատական համակարգին մէջ աշխատողներուն ուղղուած շրջաբերական մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ պէտք է կառչած մնալ օրէնքին ու կանոններուն, ամէն տեսակի տեղեկատուական ելոյթէ խուսափիլ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական որեւէ կայանի թէ ելեկտրոնային որեւէ կայքի ընդմէջէն կեցուածքներ չարտայայտել, առանց համապատասխան հեղինակութենէն նախապէս արտօնութիւն ստանալու: