Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկին մէջ հաշիւներ բանալու օրինագիծը:
Պու Սաապ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկում կատարուեցաւ, եւ բոլոր երեսփոխանները համաձայն էին, որ երկրին ներկայ իրավիճակին պատասխանատու է կառավարութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը տակաւին 2023-ի ամավարկը խորհրդարան չէ ուղարկած եւ այս իմաստով ինքն է պատասխանատուն:
Պու Սաապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուէր քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու կայացման, իսկ խորհրդարանը չէր, որ այդ ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգեց, ընդհակառակն` ան կառավարութեան առիթ ընձեռեց, որ որեւէ ատեն կատարէ այդ ընտրութիւնները: «Ըստ երեւոյթին, կառավարութիւնը մոռցած է այդ պատասխանատուութիւնը, կամ մոռցած կը ձեւացնէ: Իսկ տակաւին չենք գիտեր, թէ ինչո՞ւ ընտրութիւնը կատարելու համար համապատասխան գումարները չեն ապահովուած», ըսաւ ան:
Պու Սաապ շեշտեց, որ իրենք առաջարկած են այլ հաշիւ մը ունենալ` աւելցնելով, որ անիկա իրենց իրաւունքն է: «Նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն, սակայն մենք նաեւ պէտք է լիբանանցի քաղաքացին հեռու պահենք յաւելեալ տագնապներէ», ըսաւ ան:
Պու Սաապ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան նախանցեալ օրուան նիստը ցոյց կու տայ, թէ ոչ ոք ուրիշին վրայ կրնայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ, որ խորհրդարանին մէջ տիրող այսօրուան երկփեղկումի շրջագիծին մէջ կարելի չէ նախագահ ընտրել:
Ան նկատել տուաւ, որ երեսփոխանին իրաւունքն է նիստէն դուրս գալ` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերն ու պլոքները սպառնացին օրինաթիւը խախտել:
«Խորհրդարանին մէջ առկայ տարակարծութիւնը պիտի չարտօնէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, եւ ոչ մէկ ընտրանք կայ բացի առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարելէ: Ի վերջոյ քաղաքական ուժերը երկխօսութիւն պիտի կատարեն եւ հարցը լուծեն: Անոնք այդ երկխօսութեան պէտք է յանգին ներքին ջանքերով եւ ճիգերով, առանց վստահելու արտաքին նախաձեռնութիւններու», ըսաւ ան:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 19 յունիս 2023-ին:


