Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաժժար, Աթալլա Եւ Մուրթատա Կը Պատասխանեն Պորելին

June 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ եւ շրջանին ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին ընթացքին վերահաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու առանցքը պիտի չորդեգրէ, հետեւաբար ներկայիս սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը անկարելի է: «Պորել նաեւ շեշտեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ հիւրընկալ երկիրներուն», ըսաւ Հաժժար:

Ան շեշտեց, որ այս շրջագիծին մէջ պէտք է յիշեցնել, որ Պաղեստինեան հարցին քաղաքական լուծման սպասելով արդէն իսկ 75 տարի բոլորած են, եւ պաղեստինցիները տակաւին կը մնան գաղթականի իրենց իրավիճակով` ամբողջ աշխարհի տարածքին:

«Արժանապատիւ տիար Պորել, լիբանանցիները լայն սրտով հիւրընկալեցին սուրիացի տեղահանուածները` 12 տարիէ ի վեր, իսկ այսօր անոնք կը կազմեն Լիբանանի բնակչութեան 30 առ հարիւրը: Մենք կը յարգենք ձեր մարդասիրական ընտրանքը եւ անոր հիման վրայ գործած ենք նախորդ 12 տարիներուն ընթացքին, սակայն այդ ընտրանքին արդիւնքը ո՛չ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ ո՛չ ալ զանոնք հիւրընկալող լիբանանեան հասարակութեան համար լաւ եղած է», ըսաւ ան:

Հաժժար նշեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքական ընտրանքը իր կարգին փաստեց, թէ ձախողած է` աւելցնելով, որ հակառակ անոր, իրենք պատրաստ են զօրակցելու այդ որոշումին, եթէ շուրջ 7 միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ Եւրոպա մեկնին կամ տունդարձ կատարեն, երբ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող ընդունելի քաղաքական լուծում մը յստակ դառնայ:

Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա Պորելին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ ան Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն նիւթող անձնաւորութիւններէն մէկն է:

Աթալլա ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Չէք փափաքիր խոստովանիլ, որ ձախողած էք Սուրիոյ վարչակարգին վերջ մը դնել, չէք փափաքիր Սուրիոյ հետ ձեր յարաբերութիւնները բնականոնացնել` ազատ էք, սակայն եթէ շարունակէք սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու քաղաքականութիւնը, ապա մենք կը խոստանանք, որ անոնք տունդարձ պիտի կատարեն` ի հեճուկս ձեր որոշումներուն եւ Լիբանանի դէմ բոլոր դաւադիրներուն», ըսաւ ան:

Աթալլա յայտնեց, որ իրենք համաձայն են սուրիացի տեղահանուածներու հարցը լուծելու, զանոնք Եւրոպա ուղարկելու ընդմէջէն:

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա իր կարգին Պորելին պատասխանեց ըսելով, որ Լիբանան պիտի գործակցի Սուրիոյ կառավարութեան հետ, իսկ սուրիացի տեղահանուածները պիտի վերադառնան իրենց երկիրը:

 

Նախորդը

Ուահապ. «Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Շահագործել Սուրիացի Տեղահանուածը Եւ Ոչ Թէ Ապահովել Անոր Տունդարձը»

Յաջորդը

Պըրրի. «Մենք Հսկայ Տագնապէ Մը Փրկուած Ենք». Պու Սաապ. «Առաջարկեցի Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.