ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը սղած է 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը կը մնայ նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.650.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.692.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.400.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 840.000 լ. ոսկի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լիբանանցի դեսպանէն իմացած է, թէ այսօրուընէ սկսեալ լիբանանցի քաղաքացիներուն վիզա չշնորհելու որոշումին վերջ պիտի տրուի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու յատուկ կեդրոններուն մէջ աշխատանքի դադրելուն պատճառը նորոգութեան չգոյութեան հետեւանք է, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը ելեւմուտքի նախարարութենէն իրեն վերաբերող գումարները գանձելու դժուարութեան մէջ է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար համախոհութիւնը միակ լուծումն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ երկխօսութիւնը պատճառաբանութիւն է, որպէսզի շիի երկեակը փախուստ տայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ լիբանանեան երկխօսութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել` աւելցնելով, որ պէտք է ուղղուին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու ուղղութեամբ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ Լիբանան միայն համախոհութեամբ եւ երկխօսութեամբ կրնայ առաջնորդուիլ, այլապէս` ան կը նմանի անհատի մը, որ ինքզինք քանդելու ուղիին վրայ կը գտնուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հաւասարակշռութիւնները յստակ են` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են առանց նախապայմանի երկխօսութեան մասնակցելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ օժանդակ երկիրներու միջազգային խմբաւորումը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ եղած նախագահական ընտրութիւն կատարել: Խմբաւորումը ընդգծեց, որ երեսփոխանները պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն: