Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայսարի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Արաբական Երկիրներուն Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւնները Պահելու»

June 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւնները պահելու` նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիա հովանաւորած է Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը` Թաէֆի համաձայնագիրով:

Պայսարի ընդգծեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է նաեւ Քուէյթի հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները պահպանելու, որովհետեւ Քուէյթն է, որ իրականացուցած է Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ հաշտութիւնը:

Անդրադառնալով քուէյթցի լրագրող Ֆաժըր Սայիտի Լիբանան մուտքը արգիլելու Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի քայլին` Պայսարի յայտնեց, որ անիկա կատարուած է երկրին օրէնքներուն գործադրութեան շրջագիծին մէջ` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը ուղղակիօրէն կապ ունի Պէյրութի մէջ Քուէյթի դեսպանատան հետ, «եւ այդ առումով դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմին բացատրութիւն տրուած է Սայիտի մասին: Անոր հետ վարուելակերպը առաւելագոյն չափով յարգալիր էր ու քաղաքավար, եւ ոչ ոք սխալ մը գործեց անոր հաշուոյն: Ընդհանուր ապահովութիւնը կառոյցը օրէնքն էր, որ կը գործադրէր», շեշտեց ան:

Պայսարի նշեց, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ Քուէյթի դեսպանատան գործակատարին հետ կայացած է հանդիպում մը, եւ Սայիտի թղթածրարին կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները ներկայացուած են:

Պայսարի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները այնքան խոր են ու բարձր, որ դժուար է, որ այս կամ այն անհատը քանդէ զանոնք:

«Մենք Սայիտի դէմ անձնապէս հարց չունինք, սակայն ան իսրայէլեան գոյացութեան հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին բացայայտ յայտարարութիւններ չի կրնար կատարել, որովհետեւ այդ գոյացութիւնը մեզի համար թշնամի է, եւ լիբանանեան օրէնքին համաձայն, նման արարք արգիլուած է», հաստատեց ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Շարունակեց Սերտել Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.