Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. «Միջազգային Ընտանիքը Կը Մերժէ Ընդառաջել Լիբանանի Պահանջներուն» Շեշտեց Պու Հապիպ

June 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ ատերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր իրենք դիմաւորած են մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուած` աւելցնելով, որ այս իրողութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է Լիբանանի տնտեսութեան եւ լիբանանցիներուն վրայ:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ լիբանանցիները սրտաբաց եւ առատաձեռնութեամբ հիւրընկալած են սուրիացի տեղահանուածները` աւելցնելով սակայն, որ այսօր անոնց ներկայութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի քաղաքական կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրուածքին:

«Սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի տնտեսութեան եւ կենսոլորտին վրայ, իսկ Միջազգային դրամատան համաձայն, Լիբանան տարեկան 5 միլիառ տոլար կը վնասէ սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու պատճառով», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ տունդարձ կատարելը սուրիացի տեղահանուածներու իրաւունքն է` պահանջելով միջազգային ընտանիքէն գործակցիլ Լիբանանի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանի զարթօնքը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն շահերը:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ լիբանանցիներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն միջեւ լարուածութեան վտանգ գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ բռնարարքներու աճ` երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին պատճառով:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը սուրիացի տեղահանուածներու մեծ գաղթակայանի մը վերածել` աւելցնելով, որ Լիբանան ոչ ոքի յուսախաբ դարձուցած է, եւ այսօր ան օժանդակութիւն կը պահանջէ, սակայն միջազգային ընտանիքը կը մերժէ ընդառաջել Լիբանանի պահանջներուն:

Պու Հապիպ Պրիւքսելի խորհրդաժողովի կազմակերպիչներուն յանձնեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող Լիբանանի փաստաթուղթը:

Իր կարգին, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ եւրոպացիները կառչած կը մնան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը մերժելու իրենց կեցուածքին:

Միւս կողմէ, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը դժուար է ու բարդ` աւելցնելով, որ անիկա Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ ուղղակի երկխօսութեան կարիքը ունի:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործակատար Ալի Տուղմանի հետ:

Քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը արգելակող կարգ մը հարցեր, ինչպէս նաեւ այս շաբաթավերջին Շարաֆէտտինի Սուրիա այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

 

 

Նախորդը

Բանակը Պեքաայի Մէջ Շարունակեց Հալածել Աւազակախումբերը

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Խորհրդարանին Մէջ Առկայ Տարակարծութիւնը Պիտի Չարտօնէ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.