Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց «Քարամա» եգիպտական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Համտին Սապահին` ներկայութեամբ Հըզպալլայի արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի:
Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են արաբական իրադարձութիւնները, կեդրոնանալով յատկապէս պաղեստինեան զարգացումներուն վրայ:
Զոյգ ղեկավարները ընդգծած են արաբական ներուժը պաղեստինեան հարցի լուծման ի խնդիր ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը:


