Մայիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 5,35 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի մայիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 5,35 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի ապրիլ ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 14,44 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 5,92 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 5,46 առ հարիւր: - Պեքաայի...



















