Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Մենք Հսկայ Տագնապէ Մը Փրկուած Ենք». Պու Սաապ. «Առաջարկեցի Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել»

June 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան չորեքշաբթի օրուան նիստին` աւելցնելով, որ յաջորդ նախագահական ընտրութեան նիստը հրաւիրելու իմաստով պիտի չաճապարէ` սպասելով ներկայիս ընթացող շրջանային եւ միջազգային շարժումներուն:

Պըրրի հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ստացած քուէներուն թիւը յստակ պատգամ մը կը նկատուի: «Ֆրենժիէի ստացած քուէներուն թիւը անակնկալի մատնած է հակառակորդ կողմը, որ արդէն իսկ անակնկալի մատնուած էր նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի ստացած քուէներուն քիչ թիւին պատճառով», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան իսկապէս փրկուած է լուրջ տագնապէ մը, որ կը նիւթուէր` նախագահական ընտրութեան ենթահողին հիման վրայ:

«Հակառակորդ քաղաքական ուժերը վստահ էին, որ Ազուրի համար կարողութիւնը ունին նուազագոյնը 67 քուէ ապահովել: Անոնք կը ծրագրէին խորհրդարանին մէջ կռիւ մը սկսիլ, եթէ Ազուր 67 քուէ ստանար, եւ նկատի ունենալ Ազուրը հանրապետութեան նախագահ յայտարարելու կարելիութիւնը: Բան մը, որ կրնար երկիրը բաւական վտանգաւոր տեղ առաջնորդել: Մենք հսկայ տագնապէ մը փրկուած ենք, եւ բոլորը պէտք է համոզուին, որ կարելի չէ այս տագնապին ելք մը գտնել բացի երկխօսութեամբ:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան հոլովոյթն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ 14 յունիսի նախագահական ընտրութեան նիստէն ետք բնական էր, որ ինք հանդիպէր Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ պէտք է մօտիկ ապագային Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական այս տագնապին լուծում մը գտնել:

«Խորհրդարանի նախագահին կարծիքով` այս տագնապին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է, սակայն եթէ քաղաքական ուժերը կը մերժեն երկխօսութիւնը, եւ եթէ կարելի չեղաւ յանգիլ համախոհութեան մը, ապա երկիրը կարելի պիտի չըլլայ փրկել», ըսաւ ան:

Պու Սաապ յայտնեց, որ կարելի չէ յաւելեալ երեք կամ չորս ամիս սպասել եւ պէտք է արագ լուծումներ ապահովել: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Պըրրիին առաջարկեցի կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել», յայտնեց Պու Սաապ` աւելցնելով, որ Պըրրի չմերժեց այդ առաջարկը, այլ լսեց զայն:

Պու Սաապ նշեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկուշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին վերաբերող հարցեր, շեշտելով, որ խորհրդարանը պէտք է նկատի ունենայ քաղաքացիներուն կարիքները եւ անոնց համար արագ լուծումներ ապահովէ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի. քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Հաժժար, Աթալլա Եւ Մուրթատա Կը Պատասխանեն Պորելին

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Եւ Անոր Ծրագիրներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.