Նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստը` 12-րդը, որուն ընթացքին հիմնական երկու թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկութիւն պիտի կատարուի, նախատեսուած է ըլլալ քաղաքական ուժերուն տեղացնելիք քուէներուն ուժը չափելու նիստ մը:
Կան նաեւ քաղաքական որոշ ուժեր, որոնք կրնան այլ անձնաւորութիւններու անուններ արձանագրել եւ կամ սպիտակ քուէով մասնակցիլ ընտրութեան:
Այս կը նշանակէ, թէ նախագահական ընտրութեան նիստը կրնայ հանրապետութեան նոր նախագահ չարտադրել, այլ` լիբանանցիներուն տրամադրել այլ բեմագրութեամբ ներկայացում մը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր:
Նիստէն ետք Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կտրականապէս կը մերժէ նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստը վերածել պատնէշի` երեւան հանելու համար մեկուսացումի եզրերն ու դասալքութեան ամբաստանութիւնները:
«Պլոքը կը մերժէ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական գործընթաց մը նկատուող նախագահական ընտրութեան նիստը վերածել այնպիսի կայանի մը, որ կ՛օժանդակէ համայնքային եւ յարանուանական բաժանումի մարտկոցներ բանալու: Այս փորձերուն ունենալիք վտանգներէն կը զգուշացնենք բոլորը», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բոլորին ազգային պատասխանատուութեամբ մօտենալու այս գործընթացին:
Հըմայէտ յայտնեց նաեւ, որ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ կատարելու պէտք եղած օրէնսդրական աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական մարզի պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ բանակայիններուն եւ ապահովական կառոյցներու ոստիկաններուն ու հանգստեան կոչուած զինուորականներուն ամսական աշխատավարձերը հայթայթել:
Պլոքը դրուատեց Արքուպի եւ սահմանամերձ գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն քաջ կեցուածքը` պաշտպանելու իրենց հողերը թշնամի Իսրայէլի ոտնձգութիւններէն:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Ազգային համախոհութիւն համախմբումը:
Հանդիպումէն ետք համախմբումի անդամ երեսփոխան Հասան Մըրատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր եւ բացառիկ:
Մըրատ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է ապահովելու համախոհութեան հովանին, որուն շնորհիւ կարելի է իրագործել նախագահական ընտրութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հոս կ՛արժէ աւելցնել, որ Պըրրի հաստատեց, թէ այսօրուան նիստը ի զօրու կը մնայ, եւ ինք չեղեալ պիտի չյայտարարէ զայն, բացի եթէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նման բան խնդրէ իրմէ:
Ան շեշտեց, որ այդ պահէն, որ ինք Սլէյման Ֆրենժիէի զօրակցելու կեցուածք արտայայտած է, վերածուած է քաղաքական կողմի մը, հետեւաբար չի կրնար քաղաքական ուժերը երկխօսութեան հրաւիրել` աւելցնելով, որ կը նախընտրէ, որ Ռայի պատրիարքը ըլլայ քաղաքական ուժերը երկխօսութեան հրաւիրողը:
Այս շրջագիծին մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ եւ անոր կոչ ուղղեց ղեկավարելու նախագահի ընտրութեան գործողութիւնը: «Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը առանց արգելակումներու կատարուի», ըսաւ Նուլընտ:
ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ըկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն Պըրրիին յայտնեց, որ կարելի չէ երկխօսութիւն կատարել, երբ քաղաքական որոշ ուժեր թեկնածու մը կ՛ընտրեն:
Ան աւելցուց, որ իրենք կը փափաքին նախագահական ընտրութիւններ կատարել եւ ոչ թէ աշիրեթական փոխըմբռնումներ պարտադրել:


