Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 9000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 9000 լ. ոսկիով, մազութը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.654.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.696.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.398.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 840.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի յատուկ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազգային համախոհութիւն համախմբումը, որուն անունով երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք պիտի զօրակցին Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան: Քարամէ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն մը կատարելու կարեւորութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց առողջապահական ընդհանուր ապահովագրութեան օրինագիծին վերաբերող հարցեր:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ Փարիզի մէջ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններու ծրագիրի համակարգման: Ապիատ Փարիզէն մեկնեցաւ Մարոք` իր մասնակցութիւնը բերելու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան խորհրդաժողովին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջական գրասենեակներու ներկայացուցիչներու եւ զբօսավարներու հետ: Քննարկուեցան մշակութային զբօսաշրջութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Ֆոնթոլաքի Պու Հապիպին յանձնեց նամակ մը` Յունաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարէն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Նաժի Ղարիոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած վերջին զարգացումները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ շիի երկեակը կը պնդէ իր թեկնածուին` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը` աւելցնելով, որ շիիներուն կեցուածքը փոփոխութեան ենթակայ է, եթէ երրորդ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութեան եւ բարգաւաճման ուղին կը սկսի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ եւ երկիրը յաւելեալ փտածութենէ պաշտպանելով:

 

Նախորդը

Ասատ. «Պէտք Է Սուրիայէն Թրքական Ուժերու Հեռացման Ժամանակացոյց Ճշդել»

Յաջորդը

Պայսարի. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Արաբական Երկիրներուն Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւնները Պահելու»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.