Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն եւ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթըր Վան Տեր Վուտ անցեալ շաբաթավերջին բացումը կատարեցին զինուորական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին:
Այս առիթով անոնք այցելեցին նաեւ հիւանդանոցին տարրալուծարանը, ինչպէս նաեւ սրտաբանական բաժանմունքը:
Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ զինուորական հիւանդանոցին մէջ գործող սպաներուն հետ եւ գնահատեց անոնց ջանքերը, ինչպէս նաեւ բժշկական այն յառաջդիմած մակարդակը, որուն կրցած է հասնիլ այդ հիւանդանոցը` բժշկական արդիական սարքերուն եւ անձնակազմին բարձր կարողութիւններուն շնորհիւ:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ բժշկութիւնը բարձր մակարդակի կարեւորութեան հասած է` նկատի ունենալով ներկայ պայմանները, «իսկ բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այս իմաստով, ինչպէս նաեւ իր ստացած օժանդակութիւններուն մեծ մասը կը տրամադրէ բանակայիններուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական խնամք տրամադրելու եւ անոնց առողջական վիճակը ապահովելու իմաստով», աւելցուց ան:
Զօր. Աուն շեշտեց նաեւ, որ անոնք հերոսաբար պայքարեցան քորոնայի համաճարակին դէմ եւ փրկեցին զինուորականները` աւելցնելով, որ այսօր անոնք բժշկական հոգատարութիւն կը տրամադրեն աւելի քան 400 հազար քաղաքացիներու, ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
«Ճիշդ է, որ բանակը զինուորական գործողութիւններ ու ճակատամարտեր կ՛ունենայ որոշ ժամանակաշրջաններու ընթացքին, սակայն դուք ամէն օր կը պայքարիք եւ կը գործադրէք ձեր ազնիւ առաքելութիւնը», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ երկրին տնտեսական այս տագնապալի պայմաններուն ընթացքին բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք եւ միջոց ի գործ պիտի դնէ զինուորականներուն բժշկական խնամքը միշտ տրամադրելու եւ այդ մարզին կարողութիւնները ամրապնդելու համար:
Բանակի հրամանատարը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով սպաներուն, որ յաւելեալ զոհողութեամբ, համբերութեամբ եւ կամքով առաջնորդուին` շրջանցելու համար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները:


