ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Ապտել Ազիզ Սաատունի եւ շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը: Միւս կողմէ, Ատհայի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որ Տար Ֆաթուայէն յայտարարեց, թէ միւֆթիին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց, որ երկրին իրավիճակը դատարկութեան փուլին մէջ շարունակութիւն չի հանդուրժեր` աւելցնելով, որ ինք պիտի շնորհաւորէ ոեւէ նախագահ, որ կրնայ հանրապետութեան նախագահութեան հասնիլ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ յամառութիւնը լուծում չի կրնար ըլլալ` աւելցնելով, որ հայրենիք մը հիմնելու համար համաձայնական ու համախոհական մթնոլորտը շատ աւելի դրական է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպատիերին` ներկայութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպի եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Զահեր Ռաատի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու յանձնակատարը պետութեան մէջ պետութիւն կը նկատուի: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կան քաղաքական ղեկավարներ, որոնք գաղթականներն ու տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու համար կաշառք կը ստանան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ շրջանին ապահովական կայունութեան հիմքը կը կազմէ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքի վերադարձն ու պաղեստինեան հողերէն արձանագրուելիք նահանջը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ անդրադարձաւ Կոլանի միջադէպերուն եւ այս առիթով շեշտեց, որ Կոլանի մէջ արաբներուն ցուցաբերած կեցուածքը հերոսական է եւ հմայիչ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ ոչ ոք կը խնայէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան քննարկած երէկուան օրակարգը չի համապատասխաներ անոր սահմանադրական դրութեան, այլ խօսքով` ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ըլլալու անոր իրականութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց փոխադրուելու դէպի նոր փուլ, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ համախոհութեամբ նախագահ մը ընտրել եւ անոր ծրագիրը ճշդել: