Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Թոթալ Լիբանան»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռոման տը լա Մարթինիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորին մէջ պեղումները սկսելու աշխատանքին մանրամասնութիւնները:
Կը նախատեսուի, որ «Թրենս օշըն պերընց» հորատումի հարթակը լիբանանեան ջուրեր հասնի օգոստոս 2023-ին:
Մարթինիէ յայտնեց, որ ներկայիս «Թոթալ» ընկերութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են` դիւրացնելու համար հորատումի հոլովոյթը:
Միքաթիի այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Հատի Ապուլ Հասանի:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Էմրին` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Միշել Ֆարաոնի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պըտրան եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու լիկայի նախագահ Անթուան Շարպել:
Միւս կողմէ, Ատհայի տօնին առիթով Միքաթի հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան 28-30 յունիս 2023:


