Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Լուծելու Մանրամասնութիւնները Կը Գտնուին Լը Տըրիանի Մօտ

June 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ արձանագրուած վերջին ձախողութենէն ետք երկրին մէջ արդէն իսկ ինքզինք պարտադրող անորոշութիւնը աւելի եւս ամրապնդուած է եւ քաղաքական տագնապը աւելի եւս խորացած` իրեն հետ բարդացնելով երկրին բոլոր մարզերուն եւ հաստատութիւններուն իրավիճակը:

Լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն յայտնուած անել կացութեան դիմաց շրջանային եւ միջազգային միջամտութիւնները բնականաբար յաւելեալ աշխուժութիւն կ՛ապրին եւ բարեկամութեան պիտակին տակ կու գան օժանդակելու Լիբանանին ու նեցուկ կանգնելու, որ ան դուրս գայ քաղաքական իր տագնապէն:

Այս պատճառով ալ թերեւս Լիբանանի գուրգուրոտ մայր նկատուող Ֆրանսան հաւանաբար ըլլայ առաջինը, որ պիտի հասնի Լիբանանի օժանդակութեան:

Նշենք, որ ուրբաթ երեկոյեան բացայայտուեցաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ Էլիզէի պալատին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուած է Լիբանանի քաղաքական տագնապին եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն դատարկութեան փուլին վերջ մը դնել ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

Մաքրոն եւ Պըն Սալման նկատել տուին, որ ութամսեայ նախագահական դատարկութեան փուլը հիմնական արգելքն է, որուն պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային վտանգաւոր տագնապներուն լուծում չի գտնուիր:

Նշենք, որ ֆրանսական աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման մանրամասնութիւնները պիտի դառնան Լիբանանի յատուկ ֆրանսական նախագահական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի եւ սէուտցի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն հիմնական օրակարգերը:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ ֆրանսական տեսակէտն ու ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Փարիզի հանդիպումին մանրամասնութիւնները լիբանանցի պատասխանատուներուն պիտի փոխանցուին Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այս շաբթուան այցելութեան ընթացքին: Կը նախատեսուի, որ Լը Տըրիան չորեքշաբթի, 21 յունիսին այցելէ Պէյրութ:

Տեղեկատուական կարգ մը լիբանանեան աղբիւրներ հերքեցին, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի առաջադրած կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու նախաձեռնութեան բուն հեղինակը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին է:

Նախորդը

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Հարցերը

Յաջորդը

Պաքու. «Ամէն Ինչ Պիտի Կատարուի Ղարաբաղի Հայերու Համարկման Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.