Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ապահոված 51 քուէները լաւ մեկնարկ կը նկատուին` աւելցնելով, որ այդ քուէները կրնան բազմանալ:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ֆրանսացիները օր մը օրանց անուն չեն պարտադրած` աւելցնելով, որ Սլէյման Ֆրենժիէ կը մերժէ պետութեան անիւին դաւալքը խանգարել:
«Բայց եւ այնպէս անձնական կիրքերու եւ փափաքներու համար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը կարելի չէ խոչընդոտել», յայտնեց ան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենք Ժան Իվ լը Տըրիանի հետ հանդիպելու հրաւէր մը ստացած են` աւելցնելով, որ այդ հրաւէրին պիտի ընդառաջեն:
Ան նշեց, որ ինք կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնց հետ տակաւին երկխօսութիւն չեն կատարած, խորհրդակցելու: «Լիբանանի շահերուն համար ոեւէ մէկուն հետ կը հանդիպիմ», ըսաւ ան:
Թոնի Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ շրջանին մէջ կան փոխզիջումնային համաձայնութեան մը նշոյլները, որոնք պէտք է օգտագործել` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
Ան հաստատեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը պիտի չվտանգէ` քաղաքական իր անձնական շահերը ապահովելու նպատակով: «Ան պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը չէր մշակեր, եթէ վստահ չըլլար անոր գործադրութենէն», շեշտեց Ֆրենժիէ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ, որ զինուորականները քաղաքական անձնաւորութիւններու դերակատարութիւնը ստանձնեն` աւելցնելով, որ բանակի հրամանատարը ընտրուելու կարելիութիւն չունի:
Թոնի Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանան Սուրիոյ հետ հսկայական շահեր ունի, եւ ընդգծեց, որ քրիստոնեայ համայնքը կարիքը ունի իր երկրին մէջ իր հեղինակութիւնը բարձրացնելու, «եւ ատիկա կարելի կը դառնայ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ եւ հայրենիքին պահպանումով», շեշտեց ան:
Թոնի Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ազգային համապարփակ երկխօսութեան:
Ան եզրափակեց յայտնելով, որ պէտք է լաւատեսութիւնը պահել, սակայն եթէ ներկայ տեղքայլին մէջ մնանք, ապա իրավիճակը կրնայ յանգիլ հիմնադիր խորհրդաժողով մը գումարելու կարելիութեան, եւ անիկա կ՛ըլլայ ի վնաս քրիստոնեայ համայնքի շահերուն:


