Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններու Առաջարկով Ուզեցի Նախագահական Ընտրութեան Տեղքայլին Մէջ Շարժ Յառաջացնել»

June 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը իր մտայղացումն է` աւելցնելով, որ այդ առաջարկին մէջ ոչ մէկ ներդրում կամ յուշում կատարած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կամ Հըզպալլա, ինչպէս կարգ մը երեւակայութիւններ կը հաստատեն:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ ինք այս առաջարկը կատարած է մղուելով այն փափաքէն, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով արձանագրուած տեղքայլին մէջ շարժ մը կը յառաջացնէ:

«Հետեւաբար առաջարկին սահմանները հոս կ՛աւարտին եւ պէտք չէ զայն յաւելեալ մեկնաբանութիւններու, յաւելաբանութիւններու եւ վերլուծումներու ենթարկել, որովհետեւ անոնք իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ պիտի ունենան», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ ցարդ ոչ մէկ երկխօսութիւն կարելի պիտի ըլլայ ծաւալել, որովհետեւ ոմանք կը շարունակեն մերժել այդ երկխօսութիւնը:

«Նախագահական ընտրութիւն կարելի չէ կատարել խորհրդարանին մէջ ստեղծուած ժխտական հաւասարակշռութեան պատճառով: Աւելի՛ն. ոմանք նաեւ սկսած են կատարել այնպիսի վերլուծումներ, թէ ներկայ խորհրդարանը պիտի չկարենայ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Ի տես այս բոլորին, արդեօք պէ՞տք է ձեռնածալ մնալ եւ վկայել նախագահական դատարկութեան փուլն ու անոր հետեւանքները, առանց քայլի մը դիմելու», հաստատեց ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու առաջարկով նորարարութիւն մը չէ, որ կը կատարէ, սակայն կան մեծ թիւով երկիրներ, որոնք նման ընտրանքներու կը դիմեն, երբ քաղաքական տագնապ մը դիմագրաւեն, եւ կամ դատարկ օղակի մէջ կը շարունակեն շրջան կատարել:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Աւելի Խոր Է, Քան Նախագահական Ընտրութիւնը, Իսկ Նոր Նախագահը Կարելի Չէ Պարտադրել, Այլ` Համախոհութեան Ռազմավարութիւն Որդեգրել»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միքաթիի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.