Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրթատա Վերշենինի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

June 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշենինի եւ անոր ընկերակցող միջինարեւելեան հարցերու անձնակազմին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ներկաները ընդգծեցին, որ շրջանին համար պէտք է գծել ապագայ մը, որ կը համապատասխանէ անոր զոհողութիւններուն, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ շրջանին գերիշխանութիւնը, հողն ու հարստութիւնները պաշտպանելու կարեւորութիւնը` վերջ տալով ժողովուրդներու ճակատագիրը հակակշիռի տակ պահելու քաղաքականութեան:

Անոնք հաստատեցին նաեւ երկկողմանի մշակութային յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ ռուս ժողովուրդներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Մուրթատա բարձր գնահատեց ռուսերուն կողմէ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուատեց բարոյական արժէքներուն եւ հաւատքին հանդէպ անոնց ցուցաբերած կառչածութիւնը:

Մուրթատա աւելցուց, որ Լիբանան ինքզինք պիտի վերահաստատէ իբրեւ մարդկայնութեան օրինակելի տիպար մը, որ մարմնաւորուած է միասնականութեամբ եւ բազմազանութեամբ:

Ան նշեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլին կարելի է վերջ տալ ազատ, ազգային եւ լիբանանցիները համախմբելու կարողութեամբ օժտուած հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեամբ, որ երկիրը առաջնորդէ դէպի ապաքինում, «իսկ այդ նախագահին մարմնաւորումը կարելի է գտնել Սլէյման Ֆրենժիէի անձին մէջ», շեշտեց Մուրթատա:

Իր կարգին, Վերշենին բարձր գնահատեց Լիբանանը եւ անոր վստահութիւնը, թէ Ռուսիա յաղթական դուրս պիտի գայ իր դէմ սանձազերծուած պատերազմէն:

Ան հաստատեց, որ Ռուսիա կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն պարագային ամրապնդել, եւ մաղթեց, որ մօտիկ ապագային ընտրուի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, որ օժտուած կ՛ըլլայ Մուրթատայի նշած կարողութիւններով:

Վերշենին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապը կարելի կ՛ըլլայ լուծել` համախոհութեան յանգելիք երկխօսութեան ընդմէջէն:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Աւելի Խոր Է, Քան Նախագահական Ընտրութիւնը, Իսկ Նոր Նախագահը Կարելի Չէ Պարտադրել, Այլ` Համախոհութեան Ռազմավարութիւն Որդեգրել»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.