Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միքաթիի

Յունիս 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան Արեւելեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու յանձնախումբը` նախագահութեամբ բարձրագոյն յանձնակատար Իզապել Սանթոսի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնն ու Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը Լիբանանի մէջ եւ երկրին վրայ այդ տագնապին ունեցած հետեւանքները:

Այս առիթով Պըրրի անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Եւրոպայի միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն, յատկապէս զանոնք միացնող մշակոյթին եւ պատմութեան:

Նախագահական ընտրութեան առումով Պըրրի վերահաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի պիտի դառնայ երկխօսութեամբ եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ համախոհութեան գոյացումով:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ ինք երկու անգամ փորձած է երկխօսութեան հրաւիրել լիբանանեան քաղաքական ուժերը, սակայն զոյգ փորձերուն ալ մերժումներ արձանագրուած են, այնուհետեւ հրաւիրած է նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական 12-րդ նիստին, որուն ընթացքին արձանագրուած են վերջին արդիւնքները:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պըրրի մաղթեց, որ Եւրոպական Միութիւնը արագ լուծում կը գտնէ մարդկային այս լուրջ տագնապին համար:

Ան ըսաւ, որ տեղահանուածներուն ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ արդէն իսկ բաւական վտանգաւոր դարձած է եւ աւելցուց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը պէտք է լուծուի անոնց կամովին տունդարձով:

Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ընթացող բանակցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ընդգծեց, որ կան երկու կէտեր, որոնք լուծման կարիք ունին` նշելով, որ անոնցմէ առաջինն է դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարներու ապահովումը:

Պըրրի հաստատեց, որ ամէն պարագայի նախագահական ընտրութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտ են այդ համաձայնութիւնը գոյացնելու համար:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց նոյն պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը լիբանանցիները կը ծանրաբեռնէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի գործադիր իշխանութիւնը արդէն իսկ ծրագիր մը պիտի սկսի մշակել այդ առումով:

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Խորհրդարանական Կանխահաս Ընտրութիւններու Առաջարկով Ուզեցի Նախագահական Ընտրութեան Տեղքայլին Մէջ Շարժ Յառաջացնել»

Յաջորդը

«Սկիզբէն Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Ամբողջապէս Թափանցիկ Է Իր Ծրագիրի Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Դիտորդական Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?