Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան այն հաշիւները, որոնց շնորհիւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն, հանգստեան կոչուածներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն ամսական աշխատավարձը պիտի տրամադրուի:
Նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ոմանք սահմանադրութիւնը կը բացատրեն այնպէս, որ կառավարութիւնը նիստ չգումարէ եւ խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք չկատարէ: «Եթէ անոնց փափաքին ընդառաջենք, չենք աշխատիր», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ, նիստին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ 2023-ի պետական ամավարկը գրեթէ պատրաստ է` աւելցնելով, որ այս իմաստով կառավարութիւնը իրերայաջորդ նիստերու պիտի հրաւիրուի` այդ ամավարկը վաւերացնելու համար:
Միքաթի ըսաւ նաեւ, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը յունիսի աւարտէն առաջ պետական ամավարկի վերջնական ծրագիրը պիտի յղէ կառավարութեան, որպէսզի ան սկսի քննարկել զայն:
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան մը կողմէ ամբողջական օրակարգ քննարկելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դիւրացնելու համար պետութեան եւ քաղաքացիներուն հարցերը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը անձնական ոչ մէկ ծրագիր կը վաւերացնէ:
Նշենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ կէս գիշերին գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին որոշեց մասնակցիլ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին` պայմանով որ անիկա սահմանափակուի միայն պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձին վերաբերող օրակարգով:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու 29 երեսփոխաններ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշեն, թէ սահմանադրութեան համաձայն, խորհրդարանը օրէնսդրութիւն չի կրնար կատարել` նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին, հետեւաբար այդ նիստը հակասահմանադրական կը նկատուի:


