Լիբանանեան

Պասիլ. «Յանձնառու Կը Մնանք Հըզպալլայի  Եւ Լիբանանեան Որեւէ Բաղկացուցիչի Հետ  Փոխըմբռնում Գոյացնելու»

Պասիլ. «Յանձնառու Կը Մնանք Հըզպալլայի Եւ Լիբանանեան Որեւէ Բաղկացուցիչի Հետ Փոխըմբռնում Գոյացնելու»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանքի Պաապտայի խորհուրդի դռնփակ հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Ալեն Աուն, նախկին երեսփոխան Նաժի Ղարիոս եւ կուսակցութեան պատասխանատուներ: Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ կարելի չէ վարուիլ այնպէս մը, որ ան գործընկեր չէ, եւ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ ոքի հետեւորդ...

Ժահժահ Կառավարութեան. «Որեւէ Ուշացում  Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածները  Բնակեցնելու Մեղսակցութիւն Պիտի Նկատուի»

Ժահժահ Կառավարութեան. «Որեւէ Ուշացում Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածները Բնակեցնելու Մեղսակցութիւն Պիտի Նկատուի»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ անդրադարձաւ այն լուրերուն, թէ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի Դամասկոս այցելութիւնը դրական արդիւնքներ ունեցած է, եւ այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով ընդառաջելու լիբանանցիներու պահանջներուն: Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է, որ Լիբանանի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը գործնական ժամանակացոյց մը ճշդէ` մինչեւ տարեվերջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին հաստատեց, որ Աքքարի մէջ բռնկած հրդեհը հակակշիռի տակ առնուած է` աւելցնելով, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը հսկայ ջանքերով կրցած են հրդեհին բոցերը մարել: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Պոյան...

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին.   «Պիտի Ջանամ Լիբանանցիներուն Միջեւ  Երկխօսութեան Կայացումը Դիւրացնել  Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերադառնամ Պէյրութ»  Շեշտեց Լը Տըրիան

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին. «Պիտի Ջանամ Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեան Կայացումը Դիւրացնել Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերադառնամ Պէյրութ» Շեշտեց Լը Տըրիան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Լը Տըրիանի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ Լը Տըրիանի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` պայմանաւորուելով խորհրդակցութիւնները շարունակել: Լիբանան կատարած իր այցելութեան աւարտին Լը...

Թէյմուր Ժոմպլաթ` Ընկերվար  Յառաջդիմական Կուսակցութեան Ղեկավար

Թէյմուր Ժոմպլաթ` Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Ղեկավար

Շուրջ ամիս մը առաջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հրաժարականէն ետք, կուսակցութիւնը երէկ կատարեց նոր նախագահի ընտրութիւնը, Այն Զհալթայի մէջ: Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով, ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Ուալիտ Ժոմպլաթի որդին, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմլաթ, որ կը նախագահէ նաեւ կուսակցութեան պատկանող Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը: 1977-էն ի վեր կուսակցութեան նախագահած իր հօր` Ուալիտ Ժոմպլաթի յաջորդեց Թէյմուր Ժոմպլաթ: Զաֆեր Նասեր դարձեալ մրցակիցի...

«Լիբանան Կը Կազմաքանդուի Կարգ Մը  Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Յամառութեան Եւ Անձնական Շահերուն Պատճառով»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Լիբանան Կը Կազմաքանդուի Կարգ Մը Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Յամառութեան Եւ Անձնական Շահերուն Պատճառով» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարաշի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ վանքին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանը իբրեւ պետութիւն կը կազմաքանդուի` կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու յամառութեան եւ անձնական շահերուն պատճառով: Ան նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը շատ հեզասահ գործողութիւն մըն է` աւելցնելով, որ եթէ խորհրդարանը ընտրէ սահմանադրութիւնը գործադրելով առաջնորդուիլ, ապա...

Շարաֆէտտին Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձի Թղթածրարը Քննարկեց  Սուրիացի Նախարարներու Հետ

Շարաֆէտտին Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը Քննարկեց Սուրիացի Նախարարներու Հետ

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին շաբաթավերջին Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի պատասխանատու, վարչական եւ կենսոլորտի հարցերու նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի եւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ռահմունի հետ: Քննարկուեցան տեղահանուածներուն տունդարձի թղթածրարը եւ լիբանանեան նախարարական յանձնախումբի մը Սուրիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իր կատարած այցելութիւնը շարունակութիւնն է նախորդ այցելութիւններուն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւնները անհրաժեշտ են`...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դրուատէ Մուսուլը Ազատագրելու  Գործողութիւնը Եւ Կը Դատապարտէ  Սինայի Դէմ Յարձակումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Պաղեստինցիներուն Դէմ Գործուած Բռնարարքները

Արտաքին գործոց եւ ատերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարքները` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ: Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը այդ բռնարարքները կը գործեն բնակեցման վայրերու ընդարձակման իրենց քաղաքականութիւնը պարտադրելու նպատակով: «Մնայուն կերպով գործուող քանդումը կը միտի խանգարել անկախ Պաղեստինի հիմնումը` ըստ միջազգային որոշումներու, ինչպէս նաեւ 2002-ին որդեգրուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան համաձայն», կը նշէ...

Ժահժահ Ռիֆիի Հետ Քննարկեց Երկրին  Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Ժահժահ Ռիֆիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Ռիֆի յայտնեց, որ 14 յունիս 2023-ի խորհրդարանական նիստը փաստեց, որ Հըզպալլայի առաջադրած նախագահական թեկնածուին առիթները մեծ չեն` աւելցնելով, որ ինք շօշափած է, թէ Փարիզ կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա շաբաթավերջին ընդունեց նախկին երեսփոխան Նասեր Քընտիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն հետ քննարկեց դատական իրադարձութիւնները, յատկապէս արդարութեան մարզին մէջ լիբանանեան եւ գերմանական...

Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Լիբանանեան Քաղաքական  Ուժերուն Հետ Հանդիպումներ Ունենալ

Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Հետ Հանդիպումներ Ունենալ

Նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացի տագնապը, որ տակաւին կը յամենայ, կը խանգարէ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը: Այս տագնապը լուծելու նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութի մէջ կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ` իմանալու համար անոնց տեսակէտները: Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Լը Տըրիան ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն...

Միքաթի. «Լիբանան Չի Կրնար  Որեւէ Չարիքի Անցք Մը Ըլլալ»

Միքաթի. «Լիբանան Չի Կրնար Որեւէ Չարիքի Անցք Մը Ըլլալ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարի: Միքաթի հաստատեց, որ հակառակ բոլոր հարցերուն եւ դժուարութիւններուն ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ըլլայ Լիբանանի փայլուն դէմքը: Ան հաստատեց, որ իրենց նպատակն է, որ...

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի  Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Մեծագոյն Մեղսակիցն Է`  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցով»

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Մեծագոյն Մեղսակիցն Է` Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցով»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նուիրուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանան առաջին երկիրն է տեղահանուածներու մեծագոյն թիւը ունենալու առումով, «իսկ նկատի ունենալով Լիբանանէն կատարուած արտագաղթի իրականութիւնը, ապա ստեղծուած է կացութիւն մը, որ անհանդուրժելի է երկրին համար»: «Ճիշդ է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով Լիբանանի տագնապը գոյութենական է,...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը  Ձերբակալած Են  Աւելի Քան 50 Գողութիւն Կատարած  Աւազակախումբի Մը Պետը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Թմրեցուցիչ Վաճառող Ցանցի Մը Անդամները

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հասած են տեղեկութիւններ, թէ զինեալներու ցանց մը թմրեցուցիչի մեծաքանակ վաճառք կը կատարէ Լեռնալիբանանի մէջ` թիրախ դարձնելով մեծ թիւով լիբանանցի երիտասարդներ, յատկապէս աշակերտներ եւ ուսանողներ: Քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող այս վտանգը հեռացնելու նպատակով, Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ կատարեց հետապնդումներ, որոնց շրջագիծին մէջ Հարաւային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ արձանագրած: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.666.000...

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ  Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը`  Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային  Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց  Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը` Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

Կուսակցութիւններու պատասխանատուներու կատարած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ, Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը ներկայացնող համակարգումի մարմինը այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ տեղական թէ արտաքին իրադարձութիւններուն վրայ: Հանդիպումի աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր քննադատեցին կարգ մը կողմերու ցուցաբերած կեցուածքը: «Լիբանանի մէջ քաղաքականութեան անունով ոմանց որդեգրած քայլերը պարզապէս «յիմարներու ողբերգութիւն»  կարելի է անուանել»,...

Շարունակելով Իր Տեսակցութիւնները  Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ`  Լը Տրիան. «Լուծումը Լիբանանցիներէն Կու Գայ»

Շարունակելով Իր Տեսակցութիւնները Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Հետ` Լը Տրիան. «Լուծումը Լիբանանցիներէն Կու Գայ»

Երկրորդ օրն ըլլալով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի յատուկ պատուիրակ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժան Իվ Լը  Տրիան երէկ` հինգշաբթի, 22 յունիս 2023-ին շարունակեց իր հանդիպումները լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Կէսօրէ առաջ ան տեսակցեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Ապա անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախագահական թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ...

Կառավարութիւնը Ջնջեց Այս Տարուան  Պրէօվէի Քննութիւնը

Կառավարութիւնը Ջնջեց Այս Տարուան Պրէօվէի Քննութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան շարք մը հարցեր եւ տրուեցան որոշումներ: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ իրենց նպատակն է ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն ընթացքը դիւրացնել` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր հարցեր ստեղծել, այլ իրենց նպատակն է ժողովուրդին կեանքը դիւրացնել: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար...

Լը Տըրիան Հասաւ Լիբանան  Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պըրրիի Հետ

Լը Տըրիան Հասաւ Լիբանան Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պըրրիի Հետ

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մատնուած անելը լուծելու նպատակով երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ հասաւ Լիբանանի համար յատուկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Լը Տըրիան դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի կողմէ: Լը Տըրիան Լիբանանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ կուսակցական ղեկավարներուն հետ: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուին...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Հանդիպում Մը Ունեցաւ Եւրոպական  Խորհրդարանի Մէկ Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Մէկ Յանձնախումբին Հետ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Եւրոպական խորհրդարանի Արեւելեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութեան հետ: Պատուիրակութեան նախագահեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Իզապել Սանթոս: Յանձնախումբի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ սահմանադրական այդ գործընթացը...

Page 264 of 987 1 … 263 264 265 … 987

Արխիւներ