Լիբանանեան

Պու Հապիպ Միքաթիի Հետ Կը Քննարկէ  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Թղթածրարը

Պու Հապիպ Միքաթիի Հետ Կը Քննարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Թղթածրարը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան նախարարական յանձնախումբին Սուրիա կատարելիք այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Նշենք, որ Միքաթի կարգ մը նախարարի պաշտօնակատարներու փոխանցեց, թէ կը միտի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 2000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն...

Թոք Ընտանիքի Նահատակներուն  Մարմինները Յանձնուեցան Հողին.  Ռայի Պատրիարք. «Քըրնեթ Սաուտայի Դէպքը Ցաւ  Պատճառեց, Եւ Պշարրէի Բնակիչներուն  Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղենք»

Թոք Ընտանիքի Նահատակներուն Մարմինները Յանձնուեցան Հողին. Ռայի Պատրիարք. «Քըրնեթ Սաուտայի Դէպքը Ցաւ Պատճառեց, Եւ Պշարրէի Բնակիչներուն Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղենք»

Քըրնեթ Սաուտայի մէջ քաղաքացիներ Հայսամ եւ Մալեք Թոքի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են: Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ Պշարրէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ իրաւունքը չի մեռնիր, եւ երիտասարդներուն թափած արիւնը յումպէտս հոսած կարելի չէ նկատել: Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են օրէնքի գործադրութեան եւ կառչած կը մնան քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն ոճրագործները...

Միքաթի Նախագահեց Օդակայանին  Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Միքաթի Նախագահեց Օդակայանին Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբերող հարցեր: Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան եւ...

Ֆրանսացի Ծերակուտական Մայլամ Սլիմի  Եւ Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Վերաբերող Հարցեր

Ֆրանսացի Ծերակուտական Մայլամ Սլիմի Եւ Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Վերաբերող Հարցեր

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, եւ արտաքին հարցերու, պաշտպանութեան ու զինեալ ուժերու յանձնախումբերու քարտուղար ծերակուտական Ժոել Կարիոէ Մայլամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ լիբանանեան-ֆրանսական փոխադարձ գործակցութիւնը, յատկապէս` զոյգ բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Մայլամ հաստատեց, որ ինք կասկած չունի Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 38.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 39.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.628.000 լ....

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Բացատրէ Սուրիոյ Մէջ Անհետ Կորսուածներու Բանաձեւին Չքուէարկելու Պատճառները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը, խորհրդակցելէ ետք վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, ցուցմունք տուած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ժան Մըրատին ձեռնպահ մնալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Սուրիոյ մէջ անհետ կորսուածներու մասին բանաձեւին քուէարկելու օրակարգին ընթացքին: «Այդ ցուցմունքը փոխանցուած է յարգելու համար այս բանաձեւին նկատմամբ առկայ համաարաբական համախոհութեան մթնոլորտը,...

Լիբանանեան Բանակի Գաղտնի  Սպասարկութիւնները  Տըննիէէն Երիտասարդներ Կը Ձերբակալեն

Լիբանանեան Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնները Տըննիէէն Երիտասարդներ Կը Ձերբակալեն

Երէկ կէսօրին հաղորդուեցաւ, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնները Տըննիէէն երիտասարդներ կը ձերբակալեն: Անոնց նկատմամբ կասկածներ կան Քըրնէթ Սաուտա լերան միջադէպին հետ կապուած եւ անոնց հետ հետաքննութիւն կը կատարուի: Աւելի կանուխ լիբանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով նշեց, որ Քըրնէթ Սայտայի շրջանին մէջ քաղաքացի մը ենթարկուած է կրակոցի, որ պատճառ դարձած է անոր սպանութեան, աւելի ուշ նոյն շրջանին մէջ սպաննուած է նաեւ...

Միքաթի Կատարեց  Իր Ուխտագնացութիւնը

Միքաթի Կատարեց Իր Ուխտագնացութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի աւարտեց Ատհայի տօնին առիթով Մեքքա կատարած իր ուխտագնացութիւնը: Այս առիթով ան շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց եւ երկրին մաղթելով խաղաղութիւն ու կայունութիւն: Միքաթի մաղթեց նաեւ, որ Ատհայի տօնը օրհնեալ ըլլայ աշխարհի բոլոր իսլամներուն համար: Նշենք, որ Միքաթի ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանին կողմէ կազմակերպուած տարբեր երկիրներու նախագահներու եւ վարչապետներու ընդունելութեան: Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց...

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի  Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Մեծագոյն Մեղսակիցն Է`  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցով»

Պասիլ. «Կեդրոնական Դրամատան Իրաւական Հաշուեքննութեան Սկզբնական Տեղեկագիրը Պահուած Է»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած տեսանկարահանումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան սկզբնական տեղեկագիրը պահելու քայլին մէջ ամէնէն վտանգաւոր իրականութիւնը այն է, թէ Լիբանանի մէջ չկայ հեղինակութիւն, այսինքն` հանրապետութեան նախագահ, լիիրաւ գործող կառավարութիւն, հաշուետուութեան կանչող խորհրդարան, «այլ` կայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ մը, որ ամբաստանեալ է», ըսաւ ան: Պասիլ շեշտեց, որ ներկայիս...

«Օգտակար Է, Որ Հայաստան Կազմակերպէ Միջազգային  Խորհրդաժողով Մը` Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւններուն  Աւանդները Պաշտպանելու Հարցով»  Շեշտեց Տիգրան Եկաւեան

«Օգտակար Է, Որ Հայաստան Կազմակերպէ Միջազգային Խորհրդաժողով Մը` Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւններուն Աւանդները Պաշտպանելու Հարցով» Շեշտեց Տիգրան Եկաւեան

Պէյրութի ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժանմունքին հրաւէրով, ֆրանսաբնակ քաղաքագէտ Տիգրան Եկաւեան 26 յունիսին համալսարանին մէջ  դասախօսեց Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող շրջանային եւ միջազգային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան եւ Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններուն աւանդները պաշտպանելու իմաստով լիբանանեան-հայկական մերձեցումին մասին: Դասախօսութեան ընթացքին Տ. Եկաւեան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, անոր աշխարհագրական դիրքին, յատկապէս` թշնամիներով շրջափակուած ըլլալու իրականութեան, Արցախի պատերազմին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ...

Ռայի Պատրիարքը Պայսարիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Պայսարիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին Ռայի պատրիարքը Պայսարիին նուիրեց մարոնի պատրիարքութեան մետալը:

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Լիբանանի  Պարտքը Կրնայ Երկրին Համախառն Ներքին  Արդիւնքին 550 Առ Հարիւրին Հասնիլ Մինչեւ 2027»

Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Լիբանանի Պարտքը Կրնայ Երկրին Համախառն Ներքին Արդիւնքին 550 Առ Հարիւրին Հասնիլ Մինչեւ 2027»

Միջազգային դրամական ֆոնտը հրապարակեց տեղեկագիր մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապը վատթարացած է` քաղաքական լուծումներու չձեռնարկելու եւ     տարբեր գործարարներու կողմէ տնտեսական բարեկարգումներուն դէմ մղուած պայքարին պատճառով: «Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ չեն կատարուած եւ անոնք ակնկալութիւնները չեն բաւարարեր: Լիբանանի պարտքը կրնայ երկրին համախառն ներքին արդիւնքին 550 առ հարիւրին հասնիլ մինչեւ 2027: Ներկայ իրավիճակը ամէնէն աւելի վտանգաւորը կը նկատուի` Լիբանանի...

Ռաատ. «Թշնամիին Կ՛ըսենք.  Եթէ Պատերազմ Չես Ուզեր,  Ապա Լուռ Մնայ Եւ Հաւաքուէ»

Ռաատ. «Թշնամիին Կ՛ըսենք. Եթէ Պատերազմ Չես Ուզեր, Ապա Լուռ Մնայ Եւ Հաւաքուէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Մարուանիէ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլացիները ամիսներէ ի վեր տակնուվրայ վիճակի մէջ են` նկատի ունենալով սահմանամերձ շրջանին մէջ զետեղուած երկու վրանները, որոնք կը պատկանին Դիմադրութեան: «Իսրայէլացիները կը նկատեն, որ այդ վրանները սահմանային Կապոյտ գիծին շատ մօտ զետեղուած են, եւ կը պահանջեն, որ այդ վրանները այդ կէտէն դուրս...

Շարաֆէտտին. «Մեր Ծրագիրն Է Ամսական  15.000 Սուրիացի Տեղահանուածի  Տունդարձը Իրականացնել»

Շարաֆէտտին. «Սուրիա Պատրաստ Է Առաջին Փուլին Հիւրընկալելու 180 Հազար Տեղահանուած, Որոնց Կը Յաջորդեն 15 Հազար Տեղահանուածներ` Ամսական Դրութեամբ»

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին «Սփութնիք»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը պատրաստ է առաջին փուլին հիւրընկալելու 180 հազար տեղահանուած, որոնց կը յաջորդեն 15 հազար տեղահանուածներ` ամսական դրութեամբ: Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ այս իմաստով գործնական քայլերը պիտի որդեգրուին Սուրիա կատարուելիք այցելութենէն ետք` աւելցնելով, որ Սուրիա պաշտօնական այցելութեան համար ժամադրութիւն մը ճշդելու գծով կառավարութիւնը  պարտականութիւն տուած է արտաքին...

Լիբանանցի Դերասան Ասաատ Մահացաւ

Լիբանանցի Դերասան Ասաատ Մահացաւ

Անցեալ երեքշաբթի օր 86 տարեկան հասակին մահացաւ լիբանանցի կատակերգակ դերասան Ասաատ (բուն անունով` Ապտալլա Հոմսի): Իբրեւ դերասան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին աւելի քան 1700 ժամ երեւցած է զանազան պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու մէջ: Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած այդ ֆիլմաշարերուն մէջ ամէնէն նշանաւորը եղաւ Ապու Սալիմի եւ իր խումբին ներկայացուցած շարքը, որուն ընդմէջէն ալ Ապտալլա Հոմսի վաստկեցաւ իր հռչակը` «Ասաատ» դերասանական անունով:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց կառուցելու քաղաքացիական երկիր մը, ուր կը գործադրուին վարչակարգի բարեկարգումները` հանրապետութեան նախագահը համախոհաբար ընտրելէ ետք: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ֆրանսա իր նախաձեռնութենէն չէ հրաժարած: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Ատհայի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 29, ուրբաթ, 30 յունիսին եւ շաբաթ, 1 յուլիսին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 3 յուլիսին:

Ատհայի Տօնին Առիթով.   «Եթէ Հայրենիքին Շահերը Պաշտպանող  Հանրապետութեան Նախագահ Չընտրուի,  Ապա Հայրենիք Չենք Ունենար»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Ատհայի Տօնին Առիթով. «Եթէ Հայրենիքին Շահերը Պաշտպանող Հանրապետութեան Նախագահ Չընտրուի, Ապա Հայրենիք Չենք Ունենար» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Ատհայի տօնին առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Մեքքայէն իր բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները յղեց լիբանանցիներուն: Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու, համախոհութիւն գոյացնելու եւ տարածելու ներողամտութեան, սիրոյ ու խտրութեան վերջ դնելու ոգին, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել: «Եթէ հայրենիքին շահերը պաշտպանող հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա հայրենիք չենք ունենար», ըսաւ ան: Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց,...

Հըզպալլա Վար Առաւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլա Վար Առաւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հըզպալլա հարաւարեւելեան Սուրի Զըպքին շրջանին մէջ վար առած է իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ ոտնձգութիւն գործած էր լիբանանեան օդային սահմաններուն դէմ: Իսրայէլեան ուժերը հաստատեցին, որ իրենց պատկանող անօդաչու թռչող սարքը Զըպքինի մօտ ինկած է իր կատարած սովորական աշխատանքներուն ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ սարքէն տեղեկութիւններ սպրդելու իմաստով իրենք մտահոգութիւն...

Page 263 of 987 1 … 262 263 264 … 987

Արխիւներ