Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի աւարտին Ռայի պատրիարքը Պայսարիին նուիրեց մարոնի պատրիարքութեան մետալը:


