Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը, խորհրդակցելէ ետք վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, ցուցմունք տուած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ժան Մըրատին ձեռնպահ մնալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Սուրիոյ մէջ անհետ կորսուածներու մասին բանաձեւին քուէարկելու օրակարգին ընթացքին:
«Այդ ցուցմունքը փոխանցուած է յարգելու համար այս բանաձեւին նկատմամբ առկայ համաարաբական համախոհութեան մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ նպատակ ունենալով այս գերազանցապէս մարդկային թղթածրարը չքաղաքականացնել: Լիբանան կառչած կը մնայ այս թղթածրարն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութեամբ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
ՄԻՒՍ կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումը եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս վերջ մը դնելու ընդվզում պատճառող նման արարքներուն, որոնք ատելութիւն կը սերմանեն` ներողամտութեան եւ կրօններու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ գոյակցելու փոխարէն:


