Լիբանանեան

Սեմփսըն. «Պիտի Մնանք Բարեկամ Ու  Դաշնակից` Լիբանանցիներուն  Եւ Լիբանանեան Բանակին»

Սեմփսըն. «Պիտի Մնանք Բարեկամ Ու Դաշնակից` Լիբանանցիներուն Եւ Լիբանանեան Բանակին»

Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կ՛ողջունէ Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով աւագ խորհրդական Մարթին Սեմփսընի Պէյրութ կատարած երկօրեայ այցելութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Նաքուրայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին Սեմփսըն մասնակցած է Մեծն Բրիտանիոյ դրօշը բարձրացնելու պաշտօնական արարողութեան` իբրեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ ներդրում...

Պուխարի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Պու Հապիպի Եւ Մախզումիի Հետ

Պուխարի Հանդիպումներ Ունեցաւ Պու Հապիպի Եւ Մախզումիի Հետ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրները յուզող տարբեր խնդիրներ: Պուխարիի այցելեց նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական բեմը...

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի  Վերակառուցման Ծրագիրին Պայմանագիրը  Միջազգային Լաւագոյն  Չափանիշները Կ՛ամբողջացնէ»

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստի Վերակառուցման Ծրագիրին Պայմանագիրը Միջազգային Լաւագոյն Չափանիշները Կ՛ամբողջացնէ»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Աթէնքի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբական-յունական խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միջերկրականի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներուն միջեւ բարգաւաճման իմաստով իրարու ամբողջացնելու իրականութիւնը նոր եւ խոստմնալից հորիզոններ կը բանայ փորձառութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ ծովային փոխադրութեան մարզին մէջ ներդրումի առիթներ ստեղծելու: Ան հաստատեց, որ այս իրողութիւնը կը պարտադրէ մեզի, որ մեր նաւահանգիստները ատակ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակերը կը մնան նոյնը, մազութին սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.626.000...

Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ  Շրջանը Անհանգիստ Վիճակի Մէջ Է

Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանը Անհանգիստ Վիճակի Մէջ Է

Իսրայէլեան ուժեր երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 9:30-ին երկու հրթիռներ արձակեցին Մաժիտիէ Մարի շրջանին ուղղութեամբ: Հրթիռարձակումը թիրախ դարձուց նշեալ շրջանին մէջ գտնուող բացատներ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը հակադարձած են Քֆարշուպայի բացերէն եւ յստակօրէն Մազարեհ Պասթրայէն արձակուած հրթիռի մը, որ թիրախ ունէր Մազարեհ Շեպաան: Լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան ստուգելու Քֆարշուպայէն արձակուած հրթիռին մարտկոցները, սակայն անոնք...

Պըրրի Կը Նախատեսէ  Լը Տըրիանի Վերադարձը

Պըրրի Կը Նախատեսէ Լը Տըրիանի Վերադարձը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին նախատեսեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան 16-17 յուլիսին վերադառնայ Պէյրութ: Ան հաւանական նկատեց նաեւ, որ Լը Տըրիան Լիբանան չվերադարձած նաեւ այցելէ Լիբանանով հետաքրքրուած կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ հաւանաբար Իրան: Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լը Տըրիան Լիբանան պիտի վերադառնայ երկխօսութեան ծրագիրով...

Զօր. Միշել Աուն. «Իրաւական Հաշուեքննութեան  Տեղեկագիրը Չհրապարակելը Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Անիկա Կը Դատապարտէ Զայն Ստանձնողը»

Զօր. Միշել Աուն. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Տեղեկագիրը Չհրապարակելը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Անիկա Կը Դատապարտէ Զայն Ստանձնողը»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրաւական հաշուեքննութեան միջազգային ընկերութեան պատրաստած նախնական տեղեկագիրը չհրապարակելը ցոյց կու տայ, թէ այդ տեղեկագիրը կը դատապարտէ զայն ստանձնողը կամ կը դատապարտէ այն կողմը, որուն ստանձնողը կը փափաքի պաշտպանել: Զօր. Աուն հաստատեց, որ օրին կառավարութիւնը վաւերացուց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել, սակայն յաջորդ օրն իսկ ելեւմուտքի նախարարը եկաւ ըսելու,...

Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի  Տեղեկատուական Գրասենեակը  Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչները Կոչ Կ՛ուղղեն Նշանակելու Նոր Կառավարիչ Մը

Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներ Ուասիմ Մանսուրի, Պաշիր Եաքզան, Սելիմ Շեհին եւ Ալեք Մուրատեան հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է նշանակել Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչ մը` նկատի ունենալով, որ կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 31 յուլիս 2023-ին: Փոխկառավարիչները շեշտեցին, որ այլապէս իրենք պիտի որդեգրեն այնպիսի քայլեր, որոնք յարմար կը նկատուին իրենց կողմէ: Փոխկառավարիչները դիտել տուին,...

Քրէյտիէ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ «Օժերօ»-ի  Ծառայութիւնները Դադրին, Սակայն Սակերը  Բարձրացնելու Անհրաժեշտութիւն Կայ»

Քրէյտիէ. «Պիտի Չարտօնենք, Որ «Օժերօ»-ի Ծառայութիւնները Դադրին, Սակայն Սակերը Բարձրացնելու Անհրաժեշտութիւն Կայ»

«Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ այս ամառ ժողովուրդին մօտ «Օժերօ»-ի ծառայութիւնները դադրին` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան եւ «Օժերօ»-ի խորհուրդին կողմէ ճիգեր ի գործ դրուած են այդ նպատակով: «Բայց եւ այնպէս «Օժերօ»-ի ծառայութեանց սակերը ցարդ բարձրացում չեն արձանագրած, եւ լիբանանցի քաղաքացին իրաւունք ունի ցանցին մասին բողոքելու: Կը յիշեցնեմ, որ ցանցին փլուզումը սկսած է 2019-էն,...

Խալիլ. «Յանձնառու Կը Մնանք Բարեկարգումները  Գործադրելու, Իսկ Պետական Ամավարկի Նախագիծը  Մօտիկ Ապագային Պիտի Փոխանցուի Կառավարութեան»

Խալիլ. «Յանձնառու Կը Մնանք Բարեկարգումները Գործադրելու, Իսկ Պետական Ամավարկի Նախագիծը Մօտիկ Ապագային Պիտի Փոխանցուի Կառավարութեան»

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յունիս ամսուան աւարտին Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած տեղեկագիրը կ՛անդրադառնայ Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական ներկայ իրավիճակին: Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ բարեկարգումները գործադրելու` աւելցնելով, որ այդ բարեկարգումները չգործադրելու պարագային Լիբանանի տնտեսութիւնը կարելի պիտի չըլլայ փրկել եւ երկիրը կարելի պիտի չըլլայ զարթօնքի ու ապաքինումի ուղիին վրայ զետեղել: Ան դիտել տուաւ,...

Ֆայեատ Վրոնեցքային Ներկայացուց  Նախարարութեան Ծրագիրները` Իր Մարզի  Ծառայութիւնները Հունի Մէջ Դնելու Նպատակով

Ֆայեատ Վրոնեցքային Ներկայացուց Նախարարութեան Ծրագիրները` Իր Մարզի Ծառայութիւնները Հունի Մէջ Դնելու Նպատակով

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան ծրագիրները` իր մարզի ծառայութիւնները, յատկապէս ելեկտրականութեան մատակարարումը հունի մէջ դնելու նպատակով: Ֆայեատ նշեց, որ նախարարութիւնը ելեկտրականութեան ընկերութեան հետ կը հետապնդէ շտապ ծրագիրի մը գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ջանայ վերացնել այդ ծրագիրի գործադրութեան արգելքները: Ֆայեատ կոչ ուղղեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը 85.500 լ. ոսկի: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու` վերջ տալու համար համայնքային չարաշահումին եւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին շուրջ փոխըմբռնում գոյացնելու համար: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Էլիաս Ըսթֆենը, Ժորժ Օքէյսն ու Սելիմ Աունը, որոնց հետ քննարկեց Զահլէի վերաբերող զբօսաշրջական...

Միքաթի Բանակի Հրամանատարին Հետ  Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Միքաթի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները: Քննարկուեցան նաեւ իսրայէլեան յարձակումներուն լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Միքաթիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի. քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Քաղաքացիական մատենավարութեան ընդհանուր տնօրէն...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Արաբական Լիկայի  Վեհաժողովին Եւ Պրիւքսելի Խորհրդաժողովին Արդիւնքները

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Եւ Պրիւքսելի Խորհրդաժողովին Արդիւնքները

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հաիպի: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ այս հանդիպումը ունէր յստակ օրակարգ, որուն շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուց Ռիատի մէջ Արաբական լիկայի վեհաժողովին արդիւնքները,...

Պըրրի Սլիմի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Պըրրի Սլիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Թոնի Քահուաժի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ դարձեալ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Պքերքէի Մէջ.  «Քըրնեթ Սաուտայի Դէպքին Շուրջ Բացուած  Հետաքննութիւնները Լուրջ Են»  Շեշտեց Խուրի

Պքերքէի Մէջ. «Քըրնեթ Սաուտայի Դէպքին Շուրջ Բացուած Հետաքննութիւնները Լուրջ Են» Շեշտեց Խուրի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց դատական իշխանութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Խուրի հաստատեց, որ Քըրնեթ Սաուտայի դէպքին շուրջ բացուած հետաքննութիւնները լուրջ են: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ներկայ գտնուեցաւ ինքնութեան եւ գերիշխանութեան ուխտի հանդիպումին, որ կը կրէր «Վաղուան Լիբանանի նոր տեսլականը` քաղաքացիական, ապակեդրոնացեալ եւ չէզոք պետութիւն մը» խորագիրը: Այս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Մեքքայէն վերադարձաւ Լիբանան: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու իմաստով համաձայնութիւն մը ակնկալելով լիբանանեան պետութեան հիմնասիւները աւելի եւս կը տկարանան եւ կը կազմաքանդուին: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հաստատեց, որ պահանջուածը այն է, որ արտերկրի...

Լիբանանեան Քաղաքական Տագնապը Տեղքայլի Մէջ Է,  Իսկ Քըրնեթ Սաուտայի  Ոճիրին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Լիբանանեան Քաղաքական Տագնապը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Քըրնեթ Սաուտայի Ոճիրին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութենէն ետք, երկիրը մուտք գործեց Ատհայի տօնին առիթով տրուած արձակուրդային մթնոլորտին մէջ: Այս մթնոլորտը պատճառ դարձաւ երկրին քաղաքական տագնապին արձանագրած տեղքայլին: 8 ամսուան նախագահական դատարկութեան փուլէն ետք, նախագահական ընտրութեան կարելիութեան ոչ մէկ յոյս կայ, իսկ Լիբանան կը սպասէ ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ, կարելի է ըսել, գետնի...

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Պատասխանատու  Չէ Նախագահական Դատարկութեան  Եւ Անիկա Նախագահական Ընտրութիւնը Չ՛արգիլեր»

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Պատասխանատու Չէ Նախագահական Դատարկութեան Եւ Անիկա Նախագահական Ընտրութիւնը Չ՛արգիլեր»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց Արտերկրի լիբանանցիներու տնտեսութեան Գ. խորհրդաժողովը, որուն  ընթացքին  արտասանեց խօսք մը: Ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները այն թոքերն են, որոնց ընդմէջէն Լիբանան կը շնչէ: Միքաթի բարձր գնահատեց արտերկրի լիբանանցիներու կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ` ընդգծելով, որ անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց մայր հայրենիքին եւ բնաւ չեն մոռնար իրենց արմատները: Միքաթի նշեց, որ այսօր այս...

Պըրրի Ապահովական Իրադարձութիւնները  Քննարկեց Բանակի Հրամանատարին Հետ

Պըրրի Ապահովական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Բանակի Հրամանատարին Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները: Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող...

Page 262 of 987 1 … 261 262 263 … 987

Արխիւներ