Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբերող հարցեր:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ:
Նիստէն ետք Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ամէնօրեայ դրութեամբ շուրջ 36 հազար ճամբորդներ կ՛ընդունի` աւելցնելով, որ անցագիրներու ստուգման համար յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ հոլովոյթին խլած ժամանակը, որ ներկայիս շուրջ 20 վայրկեան է` նուազեցնել, ինչպէս նաեւ պիտի նորոգուին օդակայանի բոլոր համակարգիչները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճամբորդներուն ծառայութիւնը աւելի եւս արագացնել:
Համիէ նշեց, որ մաքսատան պարագային երկու մուտք պիտի ապահովուի` մեղմացնելու համար հոն ստեղծուած խճողումը, ինչպէս նաեւ ճամբորդական պայուսակները կրելու համար յաւելեալ կառքեր պիտի ապահովուին` դիւրացնելու համար օդակայանին մէջ ճամբորդներուն կատարելիք գործառնութիւնները:
Ան յայտնեց, որ սքենըրներու պարագային թիւը 7-էն 9-ի պիտի բարձրանայ:
Համիէ նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ապահոված շահերը 250 միլիոն տոլարի կը հասնին` աւելցնելով, որ այդ գումարները կ՛օգտագործուին պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն ամսական աշխատավարձերը ապահովելու, ինչպէս նաեւ այդ շահերէն մաս մը կը տրամադրուի Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութեան:
Իր կարգին, Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արձանագրուած խճողումը դրական երեւոյթ է եւ Լիբանանի համար լաւ ցուցանիշ մը:
Միքաթիի այցելուներէն եղան նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի:


