ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 2000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.626.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.666.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.413.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 763.000 լ. ոսկի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հաստատեց, որ Սուրիա կը պնդէ սուրիացի տեղահանուածներու արժանապատիւ տունդարձը ապահովելու իմաստով մատուցելիք իր դիւրութիւններուն վրայ: Ան ընդգծեց, որ հակառակ սուրիական իշխանութիւններու մօտեցումին, միջազգային արգելակները տակաւին առկայ են:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ շրջանի հարցերուն նկատմամբ իսրայէլեան մօտեցումը ապարդիւն է, եւ աւելցուց, որ պէտք է հրաժարիլ ուժ բանեցնելէ, այլ` տրամաբանութեան եւ իրապաշտութեան վստահիլ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ Ամալ շարժումի մէկ պատուիրակութեան հետ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ղաժար գիւղաքաղաքին մէջ թշնամի Իսրայէլի որդեգրած դասաւորումները կը միտին բռնագրաւումը աւելի եւս ամրապնդել:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, ճամբորդներուն համեմատութիւնը 22 առ հարիւրով բարձրացած է յունիս ամսուան ընթացքին: