Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոք Ընտանիքի Նահատակներուն Մարմինները Յանձնուեցան Հողին. Ռայի Պատրիարք. «Քըրնեթ Սաուտայի Դէպքը Ցաւ Պատճառեց, Եւ Պշարրէի Բնակիչներուն Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղենք»

July 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քըրնեթ Սաուտայի մէջ քաղաքացիներ Հայսամ եւ Մալեք Թոքի սպանութեան շուրջ հետաքննութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են:

Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ Պշարրէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ իրաւունքը չի մեռնիր, եւ երիտասարդներուն թափած արիւնը յումպէտս հոսած կարելի չէ նկատել:

Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են օրէնքի գործադրութեան եւ կառչած կը մնան քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն ոճրագործները յանձնել համապատասխան մարմիններուն:

«Չենք փափաքիր հետաքննութիւնը կանխել, եւ լիբանանեան բանակին հանդէպ խոր վստահութիւն ունինք», ըսաւ Ժահժահ:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ուիլիըմ Թոք հաստատեց, որ իրենք չեն արտօներ, որ իրենց նահատակներուն արիւնը յումպէտս հոսի: «Մենք մեր հողերուն եւ հայրենակիցներուն արժանապատուութիւնը  սակարկութեան չենք ենթարկեր, իսկ ինքնազսպումի իմաստով մեր կոչը բնաւ չի նշանակեր, թէ մենք կը զիջինք մեր նահատակներուն թափած արիւնը», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Պշարրէի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայսամ Թոքի եւ Մալեք Թոքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ Քըրնեթ Սաուտայի դէպքը ցաւ պատճառած է` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան բանակին` պարտադրելու համար ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեն Պշարրէի բնակչութեան ինքնազսպումի ենթարկուելու` Քըրնեթ Սաուտա շրջանի վիճելի հարցին լուծումը վստահելով դատական իշխանութիւններուն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Քըրնեթ Սաուտայի մէջ սահմանագծումը կատարելու եւ սադրանքներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ Հայսամ եւ Մալեք Թոքերու սպանութեան պատասխանատուներուն ինքնութիւնը բացայայտելու եւ զանոնք պատժելու:

«Մենք պետութեան կը հաւատանք, մեր սահմաններն ու ոճրագործը գիտենք, եւ այս մէկը սովորական դէպք մը չենք նկատեր», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Օդակայանին Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի ԻԹ. Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.