Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին «Սփութնիք»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը պատրաստ է առաջին փուլին հիւրընկալելու 180 հազար տեղահանուած, որոնց կը յաջորդեն 15 հազար տեղահանուածներ` ամսական դրութեամբ:
Շարաֆէտտին ընդգծեց, որ այս իմաստով գործնական քայլերը պիտի որդեգրուին Սուրիա կատարուելիք այցելութենէն ետք` աւելցնելով, որ Սուրիա պաշտօնական այցելութեան համար ժամադրութիւն մը ճշդելու գծով կառավարութիւնը պարտականութիւն տուած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը Սուրիա այցելելու ընթացքին պիտի որոշէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գործնական քայլերը:


