ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 38.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 39.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.628.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.669.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.412.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 781.000 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սամի Սուտանիի: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ առկայ գործակցութեան մանրամասնութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, թէ ո՛վ որ երկխօսութիւն չ՛ուզեր, ապա հանրապետութեան նախագահ չի փափաքիր ունենալ, այլ` նախագահական դատարկութեան երկարատեւ փուլ մը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան 12 նիստերը լքող երեսփոխանները կը ստանձնեն նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու, ուշացնելու եւ պետական համակարգին անդամալուծութիւն պատճառելու պատասխանատուութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի հարցերով քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդականի տեղակալ Աճայ Շարմայի եւ կառավարութեան մէջ Միջին Արեւելքի հարցերով պատասխանատու Ճորճ Պոմենի հետ: Պասիլ նշեց, որ քննարկած են շրջանին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով Մեծն Բրիտանիոյ ունենալիք դերակատարութիւնն ու դրական ազդեցութիւնը:


